Լոնտոնի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նոր շէնքի բացումը կատարուած է

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի  Միացեալ Թագաւորութիւն պաշտօնական այցի շրջանակներուն մէջ, Երկուշաբթի՝ 13 Նոյեմբեր 2023-ին, տեղի ունեցած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան կողմէ մասնակցած է գործարարութեան եւ առեւտուրի պետական նախարար Թիմըթի Մինթօն։

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Միացեալ Թագաւորութեան գործարարութեան եւ առեւտուրի պետական նախարար Թիմըթի Մինթօն հանդէս եկած են ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքով։ Միջոցառման ներկայ գտնուած են նաեւ Արքունիքի աւագ անդամ, ՄԹ արքունիքի եւ դիւանագիտական կազի միջեւ կապերու մարշալ Ալիսթր Հարիսընը, դիւանագիտական կազի փոխմարշալ Վիքթորիա Պասպին, Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի առաջնորդ, գերաշնորհ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ ՄԹ արտաքին, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացուցիչներ։