«Խաղաղութեան Քաղաքը»` քաղաքականութեան գործիք․ Գարեգին Պեքճեան` Երուսաղէմի ճգնաժամին մասին

Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ, արքեպիսկոպոս Գարեգին Պեքճեան հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հետեւանքով սկսած ճգնաժամի վերաբերեալ ուղերձով: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Աղբիւրին համաձայն` Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահը իր ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշած է.

«Մեծ վշտով եւ անհանգստութեամբ կը հետեւինք ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալէ ետք սկսած համաշխարհային լարուածութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան գործընթացի հասցուած վնասին: Ինչպէս իր անունը կը ստուգաբանուի` «խաղաղութեան քաղաք» հանդիսացող Երուշալիմի մէջ, որ սուրբ կը համարուի հուդդայականութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան կողմէ, այժմ ցաւալիօրէն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

«Իսկ այն փաստը, որ կրօնական առումով համայն աշխարհի եւ մարդկութեան ժառանգութիւնը եղող Երուսաղէմ քաղաքը նման ձեւով գործիք դարձած է քաղաքականութեան համար, աւելի շատ կ՛անհանգստացնէ եւ վիշտ կը պատճառէ մեզի` որպէս ընդհանրապէս քրիստոնեաներուս եւ յատկապէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներուս: Համոզուած ենք, որ բոլոր կողմերն ալ պէտք է համատեղ կերպով ջանքեր գործադրեն` միաստուածութիւն դաւանող կրօններու ընդհանուր սրբավայր հանդիսացող Երուսաղէմի այդ յատկանիշին վնաս չհասցնելու համար:

«Այս օրերուն, երբ միջազգային խաղաղութիւնն ա՛լ աւելի մեծ վտանգի տակ կը գտնուի, կը մաղթենք, որ կողմերը սառնասրտութեամբ եւ հաւասարակշռութեամբ գործեն` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ արդէն իսկ առկայ խնդիրները աւելի մեծ ընդհարումներու չվերածելու համար:

«Ամենակարող Բարձեալին կ՛աղօթենք, որ այս տարաձայնութեան մէջ ընդգրկուած բոլոր կողմերու առաջնորդներուն իմաստնութիւն, փոխադարձ հանդուրժողականութիւն եւ փոխըմբռնում շնորհէ, որպէսզի անոնք ձգտին մնայուն խաղաղութիւն հաստատելուն:

«Ի սրտէ կը մասնակցինք աշխարհի եւ, մասնաւորապէս, Մերձաւոր Արեւելքի եւ մեր երկրի (նկատի ունի Թուրքիան-ակունքի խմբ.) խաղաղութեան համար կատարուող բոլոր աղօթքներուն եւ Ամենակարող Բարձեալէն կը խնդրեմ, որ սրտերը երկնային սիրով լեցնէ` ատելութեան եւ բարկութեան փոխարէն»:

 

Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը