Կարօ Փայլանի անունը ներառուած չէ պատգամաւորի թեկնածուներու ընտրացուցակին մէջ

Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը յայտնած է, որ Մայիս 14-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրուի:

Քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) անդամ Փայլանը տեղեկացուցած է, որ կուսակցութեան ընտրացուցակին մէջ իր չընդգրկուիլը պայմանաւորուած է երկու ժամկէտի կանոնով: Այսինքն այն անձերը, որոնք 2 անգամ ստանձնած են պատգամաւորական մանտաթ, երրորդ անգամ պիտի չառաջադրուին:

«Ես իմ կուսակցութեան կողմէ որպէս թեկնածու պիտի չառաջադրուիմ: Յաջողութիւն մեր բոլոր թեկնածուներուն: Յաղթանակ (քրտերէն)»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ քաղաքական կուսակցութիւնները Ապրիլ 9-ին Բարձագոյն Ընտրական Խորհուրդ ներկայացուցած են թեկնածուներու ցուցակները: