ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՐՀԱՒԻՐՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՆԳՈՒՆ ՄՆԱՑԱԾ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ
ՄՕՐ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…
Հալէպահայ Ֆերնանտ Ճուլֆաք Պօղոսեանի փոքր ընտանիքը զերծ չմնաց պատերազմին պատճառած ֆիզիքական եւ հոգեկան ահաւոր վնասներէն: Ֆերնանտին համար անցնող տարիները դաժան եղան, այնուամենայնիւ ան շարունակեց տոկալ որպէս ուժեղ մայր, իր մէկ հատիկ զաւակին` Ալպերթին սիրոյն: Ֆերնանտ կ՛ըսէ. «Ալպերթը հոգեպէս կայուն է, որովհետեւ քաջ գիտէ, որ զօրաւոր մայր ունի: Ես կարելիս կ՛ընեմ արդարացնելու մայրական կոչումս, դժուարութիւններս յաղթահարելու եւ լաւատեսութիւնս պահելու, որովհետեւ կեանքը պիտի շարունակուի»:
2013-ի վերջաւորութեան Ճուլֆաք ընտանիքի հօր նահատակութեամբ Ֆերնանտի բեռը կրկնապատկուեցաւ: Ան իր մայրական պարտաւարութիւններուն կողքին, սկսաւ հոգալ ընտանիքին ապրուստը: Ֆերնանտին համար նորութիւն չէր աշխատիլն ու տան ծախսերուն մասնակցիլը, հօր բացակայութեան սակայն ընտանիքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը ստանձնելն էր դժուարագոյնը: «Հակառակ անոր, որ ամուսնոյս բացակայութիւնը վատ ազդեցութիւն ունեցաւ Ալպերթին եւ իմ վրաս, ես որպէս մայր Ալպերթին ուժ ներշնչելու, անոր ներաշխարհը մթագնած չտեսնելու համար փորձեցի հաւասարակշռուած ըլլալ, խնամել եւ նեցուկ դառնալ Ալպերթին»:
2015-ի կիսուն այլ դժբախտութիւն մը կը սպասէր Ֆերնանտին:
Ֆերնանտ, երբ կ՛ուղղուէր Հալէ- պի Ազիզիէ շրջանին մէջ գտնուող ՀԵԸ-ի ակումբ` հոնկէ արձակուող իր որդիին հետ տուն վերադառնալու համար, հրասանդ մը կը պայթի ու Ֆերնանտ ծանրօրէն կը վիրաւորուի:
Վէրքերը խոր էին ու որոշ չափով անբուժելի: Յետ վիրաբուժութեան Ֆերնանտ պիտի դառնար միականի, ձեռքերն ու ոտքերը պիտի ամրացուէին մետաղեայ գործիքներով:
Ֆերնանտ անձնապէս չէր ուզեր վերյիշել պատահածը, սակայն կը շեշտէր իր աննկուն կամքը ու կեանքին կառչած մնալու վճռականութիւնը` հակառակ ապրած մեծ սարսափին ու կը կրկնէր. «Բնականաբար եղան ժամանակներ երբ տկարացայ ու յուսահատեցայ, մարդ եմ վերջապէս, բայց կեանքը կը շարունակուի եւ Ալպերթը ինծի պէտք ունի, այս պատճառով է որ տակաւին յոյսով կը տոգորուիմ: Ճիշդ է որ միականի դարձայ, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, թէ չեմ կրնար կատարեալ մայր ըլլալ իմ մէկ հատիկ որդիիս համար, լուացք ընել, ճաշ եփել, դասերը սորվեցնել, զինք երաժշտանոց տանել եւ այլն»:
Ֆերնանտ օրինակ մըն է պատերազմի դժուարութիւններուն դէմ ծառացած այն բազում մայրերուն, որոնք անմեղ քաղաքացիներ էին, կ՛ապրէին ընտանեկան խաղաղ բոյնի ջերմութեամբ, սակայն կրեցին բարբարոսներու անմարդկային արարքներու ծանր հետեւանքը:
Ֆերնանտ կարելին կ՛ընէ ժըպտալու իր դաժան ճակատագիրին դէմ ու կը մխիթարուի յատկապէս, երբ իր միակ զաւակին աչքերուն մէջ կը տեսնէ ապագայի նկատմամբ յոյսը, հաւատքն ու լաւատեսութիւնը:
Յովիկ Շէհիրեան