Հալէպի մէջ սուրիական բանակը օրեր շարունակ արեւելեան շրջանի եւ Հին Հալէպի զինեալներուն կոչ կ’ուղղէ վար առնելու զէնքերը, խնայելու արիւնահեղութիւնն ու մասնակցելու հաշտութեան գործընթացին։
Սուրիական բանակը կը շարունակէ յառաջխաղացք արձանագրել, իսկ Հալէպի նորանշանակ նահանգապետը զգալիօրէն բարելաւել սկսած է քաղաքի ծառայողական ոլորտը։
Շարք մը թաղամասերու անցարգելները զանց առնուած են, որուն իբրեւ արդիւնք երթեւեկութիւնը նկատելիօրէն բարելաւուած է։ Նախորդ երկու տարիներուն քաղաքէն ներս, հրթիռակոծումներուն եւ բուռն բախումներուն հետեւանքով համարեա՛ զանց առնուած էր ոստիկանական ծառայութիւնը, այս օրերուն ոստիկաններ վերահսկել սկսած են քաղաքի գլխաւոր հրապարակներուն երթեւեկութիւնը։ Ջուրի մատակարարումը վերսկսած է երկու օրէ ի վեր, իսկ համացանցի ծառայութիւնը՝ երկու տարուայ խափանումէն ետք վերաշխուժացած։
Մինչ այդ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել խաղաղ բնակչութիւնը։
Հինգշաբթի՝ 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, հրթիռակոծուեցան Հալէպի Թելեֆոն Հաուայի, Սուլէյմանիյէ, Շէյխ Թահա, Նոր Գիւղ եւ այլ շրջաններ։
Թելեֆոն Հաուայիի մէջ հրթիռակոծուեցաւ Հաթեմ ալ Թայի պետական վարժարանը, ուր զոհուեցան երկու մանուկներ, վիրաւորուեցան՝ հինգ։
Նոր Գիւղի մէջ հրթիռակոծուեցաւ Սիս ազգապատկան համալիրի 3-րդ շէնքի յետսամասը։ Վիրաւորուեցաւ Լետա Կիւլիւզեանը։
Փուլ եկան շէնքին կարգ մը պատշգամբները։
Շտապ Օգնութեան տղաքը Լետան փոխադրեցին ալ Րազի հիւանդանոց։ Լետային վիճակը կայուն է։
Սուլէյմանիյէի մէջ Թեթէն պենզինակայանին դիմաց բնակարանի մը տանիքը ինկած հրթիռի մը պայթիւնին հետեւանքով հրդեհ յառաջացաւ։
Այս լարուած վիճակի լոյսին տակ Սուլէյմանիյէյի եւ Վիլլաներու շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական վարժարաններու աշակերտները ներքնասրահներ տեղափոխուեցան ապահովական նկատառումներով։