Հայկական խաչքարերուն նուիրուած դասախօսական երեկոյ

Խաչքարը  կը ներկայանայ իբրեւ   հայ կերպարուեստի տեսակ,  ճարտարապետական մանր կոթողային ձեւ որուն  հիմնական  բովանդակութիւնը կը կազմէ պատուանդանի  վրայ  բարձրացած սլաձեւ  խաչարձանը՝   ճակատով  դէպի արեւմուտք ուղղուած:

Խաչքարը  յաջորդած է  խաչով աւարտող  քառակող վաղ  միջնադարեան  կոթողներուն եւ  թեւաւոր խաչերուն, որոնց մեծ մասը ոչնչացած է արաբական արշաւներու  ժամանակ: Խաչքարը կը բովանդակէ  քրիստոնէութեան  հիմնական   գաղափարը՝  Յիսուս  Քրիստոսի  փրկագործութիւնը:

Խաչքարերը  խորհրդանիշ են հայ միջնադարեան  մշակոյթի  ինքնատիպութեան: Ուղղաձիգ դիրքով առանձին  կեցած  քարէ  յուշակոթողներէն  հնագոյնները  մենհիրներն են: Անոնք ունեցած են պաշտամունքային նշանակութիւն:  Նոյն կարգի յուշարձաններ  են  նաեւ  «վիշապ» կոչուող կերտուածքները:  Հայաստանի մէջ  նախաքրիստոնէական   ժամանակաշրջանին գոյութիւն ունեցած  են սեպագիր արձանագրութեամբ  ուղղաձիգ    քառակող սիւններ:

Խաչքարերը կ’ըլլան տեսակաւոր. միակտուր քարերէ  կերտուած խաչքար, աստիճանաձեւ, որմնափակ խաչքար, քիւաւոր խաչքար, ժայռաբեկորներու  վրայ  կերտուած  խաչքար, շրջանաձեւ խաչքար, ամենափրկիչ խաչքար:

Հայաստան այն  առանձնայատուկ երկիրն է , ուր գոյութիւն ունին աւելի քան յիսուն  հազար խաչքարեր: Իւրաքանչիւր  խաչքար ունի իր զարդանախշը, դարերու խորքով երկարող պատմութունը:

Խաչքարը   հիմնականին մէջ կը պատրաստուի հրաբխային պազալթ կամ՝ տուֆ   քարէն: Անոր պատրաստութիւնը կը պահանջէ երկարատեւ եւ ծանր աշխատանք:  Խաչքարը  հայ ժողովուրդին համար  կը  ներկայանար Աստուծոյ հանդէպ  հաւատ արտայայտելու խորհրդանիշ:

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի  երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Անդրանիկ Մշակութային   Միութեան կազմակերպութեամբ,  հայկական խաչքարերու  նուիրուած  երեկոյ  մը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի  Ասպետներու սրահին մէջ: Դասախօս, Ճարտարագէտ,  քանդակագործ Տիգրան  Գալուստեան:

Ի  ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու,  հայ  քաղաքական  եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, միութենականներու, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ  Մշակութային  Միութեան  վարչութեան անդամ Լենա  Տագեսեան,   բարի  գալուստի  իր խօսքէն  ետք, ներկայացուց օրուան դասախօսը, Երեւանի  Փոլիթեքնիք  Ինստիտուտի  ճարտարապետական բաժինէն  Մագիստրոսի կոչումով  վկայեալ՝  Տիգրան  Գալուստեանը, որ մասնագիտական ուսման  զուգահեռ հետեւած է  քանդակագործութեան եւ  խաչքարի  փորագրութեան  արհեստներուն:

Յարգելի   դասախօսը    համապարփակ   կատարեց   խաքարերու  պատմականը,ապա՝ վերլուծեց  հայկական խաչքարը, իբրեւ՝  մշակութային արժէք: Ան բացատրեց խաչքարերու  տեսակները,  Հայաստանի տարբեր  շրջաններու  մէջ  գտնուող  խաչքարերու առանձնայատկութիւնները,  խաչքար  պատրաստելու եւ  բարձրացնելու պատճառները, խաչքարերուն արտայայտած խորհուրդը, խաչքարերուն տրուած անունները: Ան ընդգծեց, թէ  խաչքարերը  լոկ  գերեզմանաքարեր  չեն,այլ՝  զանազան  համոզումներու արտայայտութիւն:  Տիգրան Գալուստեան    նշեց, թէ  օտար գիտնականներ, պատմաբաններ եւ արուեստագէտներ  խաչքարերու  շնորհիւ  ծանօթացած են մեր  ժողովուրդի  մշակոյթին եւ պատմութեան: Բանախօսը  իր   ելոյթը աւելի պատկերաւոր եւ տպաւորիչ դարձնելու նպատակով  տեսաերիզի  օգնութեամբ ներկայացուց  հայկական  լեռնաշխարհի  վրայ, սկիզբէն մինչեւ մեր  օրերը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր  վայրերու մէջ  տեղադրուած խաչքարերու նմոյշներ:

Դասախօսութենէն ետք  Տիգրան Գալուստեան  պատասխանեց  ուղղուած  հարցումներուն:  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ  Պապահեքեան շնորհակալութիւն  յայտնեց   յարգելի բանախօսին շահեկան  դասախօսութեան առիթով, ապա  հրաւիրեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը գնահատանքի  յուշանուէր մը  յանձնելու բանախօսին:

Երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ  հիւրասիրութիւն:

 

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ