Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան պիտի չըլլայ յաջորդ գումարման խորհրդարանին մէջ: Քեմալական կուսակցութիւնը 20 Մայիսին յստակացուցած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջադրուելիք պատգամաւորներու ցուցակը:
Նոյեմբեր 2015-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Տողան առաջադրուած էր Իսթանպուլի երկրորդ ընտրատեղամասէն: Ընդ որում, Տողան իր կուսակցութեան թեկնածուներու ցուցակին առաջինն էր:
Յիշեցնենք, որ 24 Յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ կառավարման խորհրդարանական համակարգէն անցում պիտի կատարուի նախագահական համակարգի: