Նոյեմբեր 1-ին ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Հալէպի առեւտուրի պալատի նախագահ Մաճտըտտին Տապպաղի հետ: Հանդիպման ներկայ էր պալատի գործադիր խորհուրդին լրիւ կազմը:
Քննարկուեցան Հալէպի հետ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան նախկին ծաւալներու վերականգնումին, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու աշխուժացումին եւ խորացումին առնչուող հարցեր:
Հանդիպման սկիզբը Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի առեւտրատնտեսական ներուժն ու ներդրումային կարելիութիւնները, միաժամանակ յայտնելով, որ Հայաստան, հանդիսանալով ԵԱՏՄ-ի անդամ, հալէպցի գործարարներուն ծաւալուն կարելիութիւններ կրնայ տրամադրել` համատեղ արտադրութիւններ պատրաստելու և արտադրուող ապրանքը ԵԱՏՄ լայնածաւալ շուկայ արտահանելու համար:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ առեւտրատնտեսական բնոյթ ունեցող երկկողմանի ցուցահանդէսներու կազմակերպման հեռանկարներուն: Առաջարկուեցաւ անվճար կերպով հայկական կողմին տրամադրել համապատասխան տարածք` հայկական արտադրութիւններուն յատուկ մշտական ցուցահանդէս-վաճառք կազմակերպելու համար:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը ընդգծեցին Հայաստանի և Հալէպի գործարար շրջանակներուն միջև կապերու խորացման, պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացման կարեւորութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ ըսուեցաւ, որ Հալէպի Առեւտուրի Պալատը պատրաստ է պատուիրակութիւն գործուղել Երևան` համագործակցութեան կարելիութիւններուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով:
Քննարկուեցաւ նաև Հայաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի և Հալէպի առեւտուրի պալատի միջեւ փոխ ըմբռնման յուշագիր ստորագրելու կարելիութիւնը` այդ ուղղութեամբ համակարգուած աշխատանքներ սկսելու և զանոնք զարգացնելու նպատակով:
Հանդիպման աւարտին, Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ նաև ՀՀ տնտեսական զարգացման և ներդրումներու նախարար Սուրէն Քարայեանի Հոկտեմբեր 28-29-ին Սուրիա կատարած այցելութեան արդիւնքներուն մասին: