«Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի միատեղ իրականացուցած 2016ի աշնան շրջանի արեւմտահայերէնի դասընթացքները 26 Սեպտեմբերէն 22 Նոյեմբեր պիտի ընթանան Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ: Պոլսոյ «Ակօս» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի ուսուցչութեամբ, երկու ամիսներու վրայ երկարող 75 ժամուան լեզուի ուսուցում պիտի կայանայ երկու մակարդակներու հիման վրայ բաժնուած, շաբաթը 3 օր՝ 9 ժամ:
Առաջին մակարդակ՝
Երկուշաբթի, ժամը 18:00-21:00,
Չորեքշաբթի, ժամը 18:00-21:00,
Շաբաթ, ժամը 10:00-13:00:
Երկրորդ մակարդակ՝
Երեքշաբթի, ժամը 18:00-21:00, Հինգշաբթի, ժամը 18:00-21:00, Շաբաթ, 14:00-17:00։
21 Սեպտեմբերին «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ պիտի կայանան այս հանդիպումները Սեւան Տէյիրմենճեանին հետ, ամբողջ օրուան ընթացքին: Մասնակցելու համար պէտք է ժամադրութիւն առնել հեռաձայնով կամ ե-նամակով:
Աւելի բարձր մակարդակներ պիտի բացուին ըստ մասնակցութեան: