Նոյնիսկ եթէ մենք չենք կրնար բուժել այս վէրքը, եկէք գոնէ միասին սգանք. Փայլանի կոչը թուրքիոյ ժողովուրդին

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով յատուկ կոչ յղած է Թուրքիոյ ժողովրդին` յորդորելով առերեսուելու անցեալի հետ եւ դէմ կանգնելու ուրացման պաշտօնական քաղաքականութեան:

Փայլանի Twitter-ի իր պաշտօնական էջին մէջ հրապարակուած կոչը կը ներկայացնենք ստորեւ:

«Մեծ Եղեռնէն մինչ օրս անցած է 103 տարի, սակայն այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած եւ մարդկութեան դէմ կատարուած մեծագոյն յանցագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան դեռեւս չեն առերեսուած:

«Քանի որ այս յանցագործութեան հետ առերեսումը տեղի չէ ունեցած եւ անիկա անպատիժ մնացած է, այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած են նաեւ այլ եղեռնագործութիւններ: Որովհետեւ անպատիժ մնացած իւրաքանչիւր եղեռնագործութիւն պատճառ կը դառնայ նոր յանցագործութիւններու:

«Մինչդեռ ցեղասպանութեան` անցեալի ու ներկայի հետ առերեսումը կրնայ նպաստել մեր երկրի հասարակական խաղաղութեան հաստատման:

«Եկէք միասին դէմ կանգնինք ուրացման այս պաշտօնական քաղաքականութեան: Եկէք միասնաբար ջանք թափենք, որպէսզի իրականութիւնը բացայայտուի: Միասնաբար յիշատակենք այս հողերու կորուստները, մե՛ր կորուստները: Նոյնիսկ եթէ մենք չենք կրնար բուժել այս վէրքը,եկէք գոնէ միասին սգանք»:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Փայլան խորհրդարանին մէջ յատուկ ասուլիս մը կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով:

«Յարգելի նախագահը արդէն 4-րդ տարին է` ցաւակցական ուղերձ կը յղէ հայ ժողովուրդին: Իսկապէս շնորհակալ եմ անոր ատոր համար, ատիկա ցաւը մեղմող հանգամանք է, իրօք շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, ատիկա քաջութիւն պահանջող քայլ է: Սակայն այստեղ պարոն նախագահը տեղի ունեցածը իր անունով չի կոչեր: Տեսէք` կ՛ըսուի «Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուարին ու բարդ պայմաններու մէջ մահացած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերու …»: Բայց իմ տատիկը, իմ պապիկը պատերազմի պատճառով չեն մահացած, պարո՛ն նախագահ: Իմ տատիկն ու պապիկը զինուորներ չէին, անոնք (նկատի ունի հայ խաղաղ բնակիչները-Tert.am) արհեստաւոր էին, այգեգործներ, գիւղացիներ, ծերեր ու երեխաներ»,- ըսած էր Փայլան: