Չորեքշաբթի՝ 4 Յունուար 2017-ի առաւօտուն Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի հետ։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, Նախագահը Սուրիոյ ներքին կացութեան, ապահովական ու քաղաքական երեսներուն գծով, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հալէպէն ներս խաղաղութեան վերահաստատումը եւ մաղթեց, որ ամենամօտիկ ապագային բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ամբողջական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ընդհանրապէս շրջանէն ներս եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտական եւ քանդիչ դերակատարութեան։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ շեշտեց ու յոյս յայտնեց, որ երկրէն ներս բարեկարգումի ու վերականգնումի գործընթացը շուտով սկսի՝ գործօն մասնակցութեամբ բոլոր համայնքներուն, նաեւ քրիստոնեայ ու մասնաւորաբար՝ Հայ համայնքին։
Այս պաշտօնական հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր՝ Ժիրայր Րէիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ճորճ Շահինեան, Թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Կարօ Իւզպաշեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիգրան Պետրոսեան։