Պէքճեան պատրիարքը ընտրութեան գծով նամակ յղած է Էրտողանին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20-ին նամակ մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին:

Ըստ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին՝ նամակին մէջ Պէքճեան անդրադարձած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցին։ Նամակի բովանդակութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնի չեն։

Նոյն հարցին կապակցութեամբ, պատրիարքական տեղապահը այլ նամակ մը յղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան:

Էրտողան, 18 Յունուար 2017ին հանդիպում մը ունենալով Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձական կազմի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ՝ խոստացած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հարցով զբաղիլ անցած Ապրիլի սահմանադրական հանրաքուէէն ետք: Այնուհանդերձ, նոր պատրիարք ընտրելու գործընթացը մինչեւ այսօր կը մնայ չլուծուած: