Վկայակոչելով «Ակօս»-ը` «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդը որոշում տուած է դադրեցնելու Արամ արք. Աթեշեանի լիազօրութիւնները` իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ:
Հոգեւոր խորհուրդի նիստը տեղի ունեցած է 28 Յունիս 2017-ին: Սահակ եպս. Մաշալեան յայտնած է, որ որոշումը տրուած է 22 կողմ եւ 2 դէմ ձայներով:
Աթեշեան 24 Մայիսին յայտարարած էր, թէ մտադիր է հեռանալ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն` 15 Մարտին պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պեքճեանը հրաւիրելով Պոլիս: Այսուհանդերձ, ան մինչեւ այսօր պաշտօնապէս իր հրաժարականը չէր տուած:
Պեքճեանի եւ Աթեշեանի միջեւ 24 Յունիսին հանդիպում մը տեղի ունեցած էր: Հանդիպումին Աթեշեան յայտնած էր, որ չի մտածեր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական տալու մասին: