Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Թոսպողայ փողոցը արդէն պաշտօնապէս Արա Կիւլերի անունով կը կոչուի:
Պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլեր իր անունով վերանուանուած փողոցին մէջ լուսանկարած է «Արա Կիւլերի փողոց» անունը կրող ցուցանակը եւ տեղադրած է Twitter–ի իր էջին մէջ: «Պէյօղլուի Թոմթոմ թաղամասի Թոսպողայ փողոցի անունը փոխուած է որպէս Արա Կիւլերի փողոց»,–գրած է Արա Կիւլեր իր էջին վրայ:
Նշենք, որ «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» ճանչցուած Արա Կիւլեր, զոր նաեւ կ՛անուանեն «Սթամպուլի աչք», ծնած է 1928-ին Պոլսոյ մէջ: 1950-ին սկսած է լրագրողական գործունէութեան Yeni İstanbul պարբերականին մէջ: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ տիտղոսներ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ:
Ան լուսանկարներու միջոցով ներկայացուցած է համաշխարհային պատմութեան յայտնի դէմքեր, որոնց շարքին` Ուինսթըն Չըրչիլ, Առնոլտ Թոյնպի, Պերթրանտ Ռասըլ, Փիքասօ, Սալվատոր Տալի եւ այլք: