Նոյեմբեր 12-ին Աթէնքի «Ինթէրքոնթինէնթալ» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ
96-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկը, ներկայութեամբ Կուսակցութեան
ղեկավար անդամներու, ներկայացուցիչներու եւ համակիր լայն շրջանակի մը:
Տեղական կառոյցի քարտուղար Պրն. Զաւէն Գրիգորեանի բացման խօսքերէն ետք, ատենապետ
եւ ծանօթ ազգային՝ Յակոբ Ֆէսճեան հանդէս եկաւ Յունարէնով արտասանուած յաւուր պատշաճի ուղերցով մը:
Օրուան գլխաւոր բանախօս, Լոնտոնէն ժամանած ընկ. Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան, ՌԱԿ-ի
Գերագոյն Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը, ամփոփ կերպով ներկայացուց կուսակցութեան
պատմութիւնն ու զարգացման ուղին, շեշտելով Ժողովրդական եւ Ազատական
գաղափարախօսութիւններու հաստատ ընթացքը՝ արագօրէն փոխուող միջավայրի մը մէջ:
Ներկաները դիտեցին նաեւ Երեւանէն հեռարձակուող տեսահոլովակը, որուն յաջորդեց
երաժշտական ելոյթներ:
ՌԱԿ-ի Յունաստանի շրջանակը երկար տարիներու ազգային եւ կուսակցական հարուստ
գործունէութիւն ծաւալած է, որուն վերջին փաստը՝ այս գեղեցիկ ձեռնարկին յաջողութիւնն է: