Սելինա Տողան Տիարպեքիրը կոչած է Տիգրանակերտ եւ այնուհետեւ դարձած է թրքական մամուլի թիրախ

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, թրքական խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան կուսակցութեան կազմակերպած Տիգրանակերտ այցելութենէն ետք ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ կատարած գրառումին մէջ օգտագործած է Տիարպեքիրի հայկական Տիգրանակերտ անունը:

Հայ երեսփոխանի այս քայլը չէ վրիպած ուշադրութենէն իշխանամէտ ազգայնական մամուլին, որ խիստ հակազդեցութիւն ցուցաբերած է այդ գրառումին նկատմամբ:

«Ինչպէս կը հասկցուի, Տիգրանակերտը հայերու` Տիարպեքիրին տուած անունն է: Հայկական աղբիւրները կը պնդեն, թէ Տիարպեքիրը մեր թուարկութեան առաջին դարուն հիմնուած է այստեղ իր տիրապետութիւնը հաստատած հայ Տիգրան արքայի կողմէ: Սելինա Տողան, օգտագործելով Տիգրանակերտ անունը, կարծես կը փորձէ մէջտեղ բերել այն վարկածը, թէ ատիկա նաեւ հայկական քաղաք է: Կ՛երեւի, թէ այս տիկինը մօտիկ ապագային ալ պիտի չհրաժարի այսպիսի ելոյթներէն», գրած է թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:

Տողան նախապէս անդրադառնալով Տիգրանակերտի Սուր պատմական շրջանին մէջ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հնագոյն պատմական կոթողներու աւերման, նշած էր, թէ իրենք կը ցաւին, որ կ՛ոչնչացուի Թուրքիա ապրող ժողովուրդներու պատմութիւնը: