Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի հայ պատգամաւոր Սէլինա Տողանը շնորհաւորական խօսք յղած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրուելուն առիթով:
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թուրքիոյ ընդդիմադիր քեմալական «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ-CHP) պատգամաւոր տիկին Տողանը «Twitter»-ի իր էջին վրայ կատարած է հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները պիտի մտնեն ժողովրդավարութեան համաշխարհային պատմութեան մէջ։ Ոչ մէկ ուժ կրնայ կանգնիլ ժողովուրդի ժողովրդավարական պահանջներուն առջեւ։ Կը շնորհաւորեմ այդ պահանջները առաջնորդողները։ Շնորհաւոր ժողովուրդին յաղթանակը։ Կեցցէ Հայաստանը»։