Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ ՝Սէլինա Տողան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցելու հրաւէր ստացած է: Այս մասին «Հայ Ձայն» տեղեկութիւն ստացաւ Անգարայի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ առաջին անգամն է, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն Թուրքիոյ քաղաքական ասպարէզին մէջ գործող անձանաւորութեան մը նման մակարդակի ժողովի մը մասնակցելու հրաւէր կ’ուղղարկուի:
«Հայ Ձայն» պարզելու համար տուեալ հրաւէրին Տիկին Տողանի մասնակցութեան հարցը, կապ հաստատեց անոր գրասենեակի վարիչ-պատասխանատուին հետ, որ խնդրին մասին խօսելով ըսաւ ՝ «Այս պահուն կանուխ է նման կարեւոր հրաւէրի մը արձագանքելը: Մենք նոր ստացած ենք հրաւէրը եւ յառաջիկայ օրերուն պարզ կը դառնայ տիկին երեսփոխանին մասնակցութեան հարցը»:
Մեր խօսակիցը նաեւ յայտնեց, որ երկրին մէջ գերյագեցած վիճակ մը ունի քաղաքական ընդհանուր օրակարգը ու այդ առումով կարեւոր քննարկումներ կը կայացուին իրենց կուսակցութենէն ներս:
Նշենք, որ Սէլինա Տողան մաս կը կազմէ Թուրքիոյ ընդդիմադիր CHP (Ժողովրդահանրապետական) կուսակցութեան, որ այսօր կը համարուի երկրի ընդդիմադիր գլխաւոր ուժը:
«Հայ Ձայն»