Սուրիացի փախստականները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ

Գերմանական ձայնասփիւռի կայանին անդրադարձը

 

Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան պետական ձայնասփիւռի կայանը անդրադարձած է Արցախի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն, եւ իր կայքին մէջ «Սուրիացի փախստականները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, նոր կեանք պատերազմէն այն կողմ» վերտառութեամբ յօդուած մը հրապարակած է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Յօդուածին հեղինակ՝ լրագրող Վոն Նաոմի Կոնրատը, անձամբ այցելած է Արցախ եւ հանդիպած է սուրիահայերուն, ծանօթացած անոնց կենցաղին ու ապրելու պայմաններուն: Յօդուածը որոշ կրճատումներով կը ներկայացնենք ընթերցողի ուշադրութեան:

«Քաղաքացիական պատերազմէն դէպի հակամարտութեան մէջ գտնուող շրջան` սուրիացի փախստականներու ընտանիքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը կառուցեն իրենց համար նոր կեանք: Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը՝ բնակեցնելով սուրիացիները՝ կը ստեղծէ նոր իրավիճակ այն շրջանին մէջ, որուն նկատմամբ պահանջ կը ներկայացնէ հարեւան երկիրը»,- այսպիսի նախաբանով կը սկսի յօդուածը:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարա–արեւմուտքը գտնուող Իշխանաձոր գիւղին մէջ, բնակութիւն հաստատած է սուրիահայ Հայկ Խաչատրեանը: Փոքրիկ խոհանոցին մէջէն, ան մեզի կ՛ուղեկցի դէպի հիւրասենեակ: Անկիւնը, նկատելի են արաբերէն լեզուով քանի մը դասագիրքեր, Սուրիոյ մէջ իր նախկին կեանքէն վերջին յիշողութիւնները` իր կողմէ ղեկավարուող բուժարանէն (clinic), իր սեփական մեծ տունէն, իր բազմաթիւ ընկերներէն եւ բարեկամներէն:

«Ես իմ բուժարանիս մէջ կ’աշխատէի, երբ Իսլամական Պետութեան զինեալները ինծի համար անսպասելիօրէն ներխուժեցին: Անոնք ինծի հարցուցին` արդեօք ես քրիստոնեա՞յ եմ, թէ` ոչ: Տեղեկանալով, որ քրիստոնեայ եմ, ինծի 4-5 ժամ գերութեան մէջ պահեցին` պահանջելով ընդունիլ իսլամութիւնը, իսկ հակառակ պարագային կը սպառնային գլխատել»,- կը պատմէ Հայկը:

«Հակառակ անոր, որ հայ քրիստոնեան հրաժարած է փոխել իր կրօնը, զինեալները զայն ազատ արձակած են: Այդ դէպքէն անմիջապէս ետք՝ ան հաւաքած է իր ճամպրուկները եւ երեք դուստրերուն հետ միասին տեղափոխուած Լեռնային Ղարաբաղ: Այստեղ, ան կ’աշխատի գիւղի հիւանդանոցին մէջ: Իշխանաձորի մէջ անոր հետ միասին կ’ապրին Սուրիայէն գաղթած 20 ընտանիքներ:

Կեանքը օրէ օր

25 տարիէ աւելի է՝ խրամատներու մէջ դէմ առ դէմ՝ տեղակայուած են բանակները: Այս տարուան Ապրիլ ամսուն չորս օրով թեժացած է հակամարտութիւնը` վերածուելով պատերազմի: Շատերու հետ Հայկ Խաչատրեանը եւս՝ կամաւոր առաջնագիծ մեկնած է:

Ինչո՞ւ ան եկած է այս միայնակ հողակտորը, այլ ոչ թէ ԱՄՆ կամ Եւրոպա, ինչպէս իր շատ ու շատ ընկերները:

«Խնդիրնե՞ր: Ոչ, ես չեմ զգար ատոնք: Մենք այստեղ կ’ապրինք պարզապէս օրէ օր, իսկ պետութիւնը կ’աջակցի մեզի: Եկողներուն կառավարութիւնը կը տրամադրէ անձնագիր եւ տուն: Այստեղ, ի տարբերութիւն եւրոպական երկիրներու, չենք ապրիր աֆղանցիներու կամ փաքիստանցիներու հետ մէկտեղ` փախստականներու հանրակացարաններու մէջ: Այստեղ մարդը չի վախնար, իսկ աշխատելու պարագային՝ կարելի է լաւ կեանք ունենալ»,- կը շարունակէ Հայկ Խաչատրեան:

Բլուրներու միջեւ ինկած փոքրիկ Իշխանաձոր գիւղին մէջ, փախստականներու ներկայութիւնը նկատելի է. լիբանանցի ձեռնարկատէրը կը կառուցէ կազալցման կայան, միւսը կը նախատեսէ փոքրիկ հիւրանոց կառուցել, իսկ միւսները տուները կը վերանորոգեն:

ԼՂՀ կառավարութիւնը ծրագրուա՞ծ կը բնակեցնէ սուրիացիները

Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ գտնուող ԼՂՀ կառավարութեան շէնքին, իր աշխատասենեակին մէջ, մեզ կը դիմաւորէ Արտակ Բեգլարեանը` վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի 28-ամեայ խօսնակը: «Ներկայ դրութեամբ, այստեղ կ’ապրի 100 սուրիացի. բոլորը հայ քրիստոնեաներ են»,- ծիծաղը երեսին կը տեղեկացնէ մեզի Արտակ Բեգլարեան: Բայց երբ կը սկսին վիճելի տարածքներու վերաբերեալ հարցերը, ան իսկոյն կը լրջանայ. «Մենք չենք բանակցիր տարածքներու շուրջ: Մեր Սահմանադրութեան մէջ բաւական յստակ նշուած է, որ բոլոր տարածքները կը պատկանին մեզի: Այս երկերը մերն է, եւ սա մեր իրաւունքն է»:

Արդեօ՞ք Կառավարութիւնը ծրագրուած կը բնակեցնէ սուրիացիները վիճելի շրջաններու մէջ

«Մենք կը ձգտինք բնակեցնել Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր շրջանները, որոնք ունին տնտեսական եւ ընկերային կարեւոր նշանակութիւն: Բայց առանց այդ մարդոց (նոր բնակիչներուն) նոյնպէս այս հողը մերն է»,- ըսած է Բէգլարեան: