ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՕԽ-Ի «ԷՐԵԲՈՒՆԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի` 9 Յունուար 2018-ին, Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ալ-Ասատ հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն եւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան անդամ Սոնա Անտրեանի հետ։

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ բարեսիրական աշխատանքներուն կարեւորութեան շուրջ։

Վարչութեան անդամները ներկայացուցին իրենց գործունէութեան բնոյթն ու տարողութիւնը։

Ասմա Ալ-Ասատ, գնահատելով տարուած աշխատանքը, իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու միութեան բարեսիրական եւ ընկերային գործունէութեան։