Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ փոխադարձաբար պիտի ներկայացուին զբօսաշրջային եւ գործարար հնարաւորութիւնները

Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ փոխադարձաբար պիտի ներկայացուին զբօսաշրջային, գործարար հնարաւորութիւնները: Ըստ Armenpress.am-՝ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան ըսած է, թէ այժմ կը քննարկուին ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի` Սուրիա կատարած այցին ընթացքին եղած համաձայնութիւնները: Մասնաւորապէս, համաձայնութիւն եղած էր Դամասկոսի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպել Սուրիոյ եւ Հայաստանի արդիւնաբերական ու զբօսաշրջային շաբաթ:

«Քաղաքական համաձայնութիւնը կայ, այժմ կը քննարկենք այդ շաբթուան իրականացման ձեւաչափն ու ժամկէտները: Շաբաթը պիտի ունենայ ե՛ւ գործարար ուղղուածութիւն, ե՛ւ զբօսաշրջային: Այժմ փորձենք փոխադարձ հետաքրքրութիւնները հասկնալ, թէ հայաստանեան ինչպիսի ապրանքներ, ուղղութիւններ կը հետաքրքրեն սուրիական կողմին եւ հակառակը: Պիտի փոխանակենք ցանկը եւ պիտի փորձենք այդ ուղղութիւններու գործարարութիւնները հրաւիրել Հայաստան, մեր երկրէն ալ Սուրիա` ձեւաւորելով գործարար կապեր»,-ըսած է Յովհաննէս Ազիզեանը:

Նախարարի տեղակալը նշած է, որ նման ձեռնարկ կը նախատեսուի իրականացնել նաեւ Լիբանանի մէջ: Կրկին նախարարի այցին ընթացքին՝ եղած են համապատասխան համաձայնութիւններ:

«Կը նախատեսենք խթանել զբօսաշրջային այցելութիւնները, որովհետեւ լիբանանեան շուկային մէջ կը տեսնենք լուրջ հնարաւորութիւններ: Ի դէպ, կարեւոր փաստի մը մասին եւս: Նախարարի հետ՝ Լիբանան այցելութեան ժամանակ որոշ գործարար կապեր ձեւաւորուած են, Հայաստանի մէջ արտադրութիւն հիմնելու համար: Ստորագրուած են յուշագրեր, յոյս ունինք, որ շուտով Լիբանանի հետ համատեղ արտադրութիւն պիտի ունենանք»,- աւելցուցած է Յովհաննէս Ազիզեան:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերի վերջ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Գարայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եղած է Լիբանան եւ Սուրիա: Տեղի ունեցած են հանդիպումներ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, Պէյրութի մէջ իրականացուած է հայ-լիբանանեան տնտեսական համաժողով: