Ս. ԾՆՈՒՆԴԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

Շաբաթ՝ 6 Յունուար 2018-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ այցելեց Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունենալով Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տէր Արմաշ Սրբ. Եպս. Նալպանտեանի հետ, շնորհաւորեց հայ համայնքը՝ Ս. Ծնունդին առիթով։

Սապպաղ դիտել տուաւ, որ հայութիւնը Սուրիոյ ընկերային հիւսուածքին անբաժան մէկ մասնիկն է եւ կարեւոր ներդրում ունի սուրիական կեանքի զանազան ոլորտներու զարգացման մէջ։ Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը մէկ է ու միասնական իր բոլոր բաղադրիչներով ու կ՚ապրի խաղաղ գոյակցութեան սկզբունքով, երկրի նախագահ՝ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի բարձր հովանիին ներքեւ։

Իր կարգին Արմաշ սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Համմուտէ Սապպաղին, շեշտելով, որ Սուրիան կրօնքներու եւ քաղաքակրթութիւններու համերաշխ գոյակցութեան երկիրն է։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան։

Սուրիոյ նախագահին յանձնարարութեամբ հայ համայնքը շնորհաւորելու եկած էր նաեւ Նախագահական գործերու նախարար Մանսուր Ազզամ։