ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ 140-ԱՄԵԱԿԸ

ԳԱՀԻՐԷ

Շաբաթ՝ 14 Ապրիլ 2018-ին, Կոկանեան սրահէն ներս եւ անոր վարչութեան կազմակերպութեամբ, Թէքէեանի ծննդեան 140 ամեակը ոգեկոչող դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ, որուն կը նախորդէն եւ կը յաջորդէր երիտասարդներու ասմունքն ու երգը:

Այս դասախօսութեան համար հրաւիրուած էր թէքէեանագէտ դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, որ ոչ միայն մասնագիտացած է «հնչեակի իշխան»ի կեանքին ու գործին մէջ, այլ եւ եղած է խմբագիրը անոր նուիրուած հատորներու՝ քերթուածներ, նամականի եւ այլն:

Լուսածին Ղազէլեան, Քարէն Տրդատեան, Ռուպինա Սաատ եւ Ռուբէն Սաատ իրենց ասմունքով տպաւորեցին ներկաները, իսկ օր. Երան Զէյթունցեան (հայերէնաւանդ դասատու ԳՆԱՎի) հմայեց ներկաները «Ահաւոր բան մը այնտեղ» քերթուածին մեկնաբանութեամբ:

Հանդիսութիւնը կը վարէր տիկին Լալա Շամամեան-Նիկոլեան:

Վարձքը կատար բոլորին՝ կազմակերպիչներուն, ելոյթ ունեցողներուն եւ ներկաներուն: Իսկ դասախօսին ձայնը անսպառ եւ գրիչը միշտ դալար մնան կ’ըսենք: