Թրքական demokrathaber.org կայքը զրուցած է ծնունդով Տիարպեքիրէն պոլսաբնակ Սիլվա Օզյերլիի հետ, որ յայտնի է արտադրութեամբ տնական liqueur-ի, զոր կը պատրաստէ նախնիներէն եկած բաղադրատոմսով:
«Մեր կրած ցաւերը liqueur-ի միջոցով կը քաղցրացնեմ», – «Թերթ․am»-ի փոխանցմամբ կը պատմէ տիկին Սիլվան, որ Ցեղասպանութենէն ետք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած հայ որբերու ժառանգ է:
Անոր ընտանիքը աւելի ուշ տեղափոխուած է Պոլիս․ «Հօրս մահէն ետք տեղափոխուեցանք: Ամուսինին մահէն ետք մայրս 6 դուստրերուն հետ չէր կրնար մնալ այնտեղ, կը վախնար, որ կ’առեւանգեն մեզ: Կիպրոսի շարժման ժամանակներն էին, ազգայնական շարժումները Թուրքիոյ բոլոր կողմերուն մէջ նորէն սրուած էին, Տիարպեքիրի հայերը միանգամէն լքեցին քաղաքը, մնացողներն ալ միշտ վախի մէջ ապրեցան: Պոլսոյ բազմութեան մէջ կորսուիլը հեշտ է, իսկ Տիարպեքիրի մէջ որպէս փոքրամասնութիւն աչք կը ծակես», -կը յիշէ Օզյերլին:
Մեծ քաղաքն ալ, սակայն, իր զրկանքները ունէր:
«Տիարպեքիրի մեր մեծ առանձնատունէն տեղափոխուեցանք Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի շէնքերէն մէկում նկուղային յարկը: Մօրս մահէն ետք մեր մշակոյթն ու կեանքի գոյները քիչ-քիչ սկսան վերանալու: Liqueur պատրաստել սկսիլն ալ այդ գոյները վերագտնելու ճանապարհին մէկ քայլ էր»,- կը պատմէ ան, որուն խօսքով Տիարպեքիրի մէջ քիւրտերը անոնց «կեաւուր» կ՛ըսէին, իսկ Պոլսոյ մէջ թուրքերն ու հայերը` «քիւրտ»:
Սակայն Տիարպեքիրցի հայուհին ոեւէ մէկուն չ՛ուզեր մեղադրել . «Մարդիկ ոտքի վրայ մնալու համար դիմացինին հանդէպ ատելութեան կարիք կը զգան: Ատելութիւնը ի ծնէ եկող բան չէ, ատիկա կը սորվեցնեն: Եթէ այստեղ սէր սորվեցնէին` այս բոլորովին այլ երկիր կը դառնար»:
Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի եւ անոր կնոջ` Ռաքէլի հետ միասին նոյն ամառնային ճամբարը յաճախած Սիլվան սիրով կը յիշէ, որ վերջիններս մեծ եղբայր ու քոյր դարձած էին իրենց համար:
24 տարի անց հայուհին հաւաքած է իր համարձակութիւնն ու այցելած ծննդավայրը` Տիարպեքիր: Կը պատմէ, որ իրենց թաղամասի տուներն ու եկեղեցիները քանդուած տեսնելով «խռոված» է Տիարպեքիրէն»:
«Եկեղեցին, ուր ամէն Կիրակի կ՛երթայինք (նկատի ունի Սուրբ Կիրակոսը-tert.am), վերակառուցուեցաւ: Այդ օրը հաշտուեցայ Տիարպեքիրի հետ, ցաւերս կարծես սփոփուեցան: Սակայն այժմ ռազմական գործողութիւններու պատճառով թաղամասին երկու եկեղեցիներն ալ կրկին քանդուած են: Պետութեան ներկայացուցիչները մասնակցած էին այդ եկեղեցիներու վերաբացման, հպարտացած ատով, ցոյց տուած այդ ամէնը եւրոպացիներուն` որպէս նոր Թուրքիոյ դէմք: Իսկ հիմա ո՛չ այդ թաղամասը կայ, ո՛չ եկեղեցին: Մէկ մզկիթ եթէ քանդուի` ամբողջ երկիրը ոտքի կը կանգնի, բայց երբ հարցը եկեղեցւոյ կը վերաբերի` ոչ ոքի պէտք է, միայն մեր հոգին շատ կը ցաւի», – տխրութեամբ կը փաստէ տիկին Սիլվան: