Տիգրանակերտի Սուր շրջանի աւերման պատճառով ոչնչացուած է տեղւոյն պատմական թաղամասերուն 72 առ հարիւրը

Տիգրանակերտի պատմական Սուր թաղամասին մէջ թրքական պետութեան կողմէ շարունակուող քանդման աշխատանքներուն պատճառով ոչնչացուած է հնագոյն թաղամասերուն 72 առ հարիւրը: Այս եզրակացութեան եկած են Թուրքիոյ մէջ գործող Հնագէտներու ընկերակցութեան անդամները` իրենց յատուկ հետազօտութեան մէջ:

Անոնք փաստած են, որ Սուրի հնագիտական կառոյցներուն մեծ մասը այլեւս քանդուած է, շարք մը պատմական կառոյցներու գոյութիւնն ալ կը մնայ հարցականի տակ:

Հակառակ այս տարածքին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն ու թրքական բանակի մասնայատուկ ուժերուն միջեւ բախումներու դադրեցման, Սուրի 5 մեծ թաղամասեր կը շարունակեն փակ մնալ այցելուներու համար:

Փորձագէտները կ՛ենթադրեն, որ քանդումի աշխատանքներէն ետք աւերուած շէնքերու փլատակներուն տակէն դուրս պիտի գան բազմաթիւ պատմական նշանակութիւն ունեցող գտածոներ:

Թուրք-քրտական բախումներուն պատճառով մեծ աւերի ենթարկուած Սուրի շրջանին մէջ զինուորական գործողութենէն վնասուած է աւելի քան 40 հազար խաղաղ քաղաքացի:

Յայտնենք, որ Սուրի մէջ թրքական մասնայատուկ ուժերու գործողութիւնները սկսած էին 6 Սեպտեմբեր 2015-ին եւ աւարտած 10 Մարտ 2016-ին: Սուրի աղէտին պատճառով աւերուած է քաղաքի շուրջ 29 հազար թաղամաս: