Տինքի սպանութեան գործով հինգ կասկածեալ ազատ արձակելու մասին որոշում ընդունուած է

Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով Դեկտեմբեր 8-ին կայացած դատական նիստին որոշում տրուած է 5 կասկածեալ ազատ արձակելու վերաբերեալ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական NTV-ն:

Յայտնի է, որ ազատ արձակուածները` Պեքիր Եոքուշը, Էջեւիթ Էմիրը, Էմրէ Ջինգէօզը, Հաջը Շէրիֆ Շիմշեքը եւ Շերեֆ Աթեշը, սպանութեան ժամանակ Պոլսոյ ուստիկանութեան հրամանատարութեան աշխատակիցներ եղած են: Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող 14-րդ դատարանին մէջ կայացած դատական նիստի ընթացքին արձանագրուած է, որ որոշ տեսաձայնագրութիւններու մէջ կը բացակայի կասկածեալներու յստակ նոյնականացումը:

Յիշենք, որ Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-ին` խմբագրութեան առջեւ անոր վրայ կատարուած զինուած յարձակման հետեւանքով: