Տինքի սպանութեան տեղեկագիրները պահած պաշտօնատարը կրնայ 7.5-15 տարի բանտարկուիլ

Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ շարք մը պաշտօնատարներու դէմ բացուած դատը, որ անվերջանալի կը թուի ըլլալ, վերջերս շարունակուեցաւ ու այս անգամ կարեւոր զարգացում մը արձանագրեց։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա»-ն։

Դատախազութիւնը ամբաստանագիր մը պատրաստեց Օրտուի փոխկուսակալ եւ նախորդ շրջանի պետական աւագ քննիչ Մեհմետ Ալի Էօզքըլընճի դէմ՝ պնդելով, որ ան դիտումնաւոր կերպով պահած է այդ տեղեկագիրները, ուր նշուած էր, թէ Հրանդ Տինք անպայմա՛ն պէտք է սպաննուի։

Դատախազութիւնը կը պնդէ, որ Էօզքըլընճ այս կերպով նաեւ նպաստած է այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան, հակառակ անոր որ փաստեր չկան, թէ ինք այդ կազմակերպութեան անդամ է։

Ուստի, դատախազութիւնը 7.5էն մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան պատիժ կը պահանջէ Էօզքըլընճի համար։