Տումի համայնքին մէջ կը կառուցուի համայնքային կեդրոն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան համաֆինանսաւորումով` Հադրութի շրջանի Տումի համայնքին մէջ կը կառուցուի համայնքային կեդրոն:

Կապալառու  «Արմէն-շին» ՍՊ ընկերութեան տնօրէն Գարիկ Փիլեան Artsakhpress-ին ըսած է, թէ համայնքային կեդրոնին շինարարական աշխատանքները սկսած են 2016-ին:

«Շէնքը երկյարկանի է. անիկա կը ներառէ նախասրահ, գիւղապետարան, գրադարան, բուժկէտ, խաղասրահ եւ 150 տեղ ունեցող հանդիսութիւններու դահլիճ: Ներկայիս ընթացքին մէջ են շէնքի ներքին եւ արտաքին յարդարման աշխատանքները, որմէ ետք անիկա պիտի կահաւորուի: Համայնքային կեդրոնը շահագործման պիտի յանձնուի այս տարուան Յունիսին»,-տեղեկացուցած է Գ. Փիլեան: