Տրապիզոնի Սանթա Մարիա (Սուրբ Աստուածածին) կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Փետրուար 5, 2006-ին սպաննուած էր Անտրէա Սանթորօ անունով հոգեւորականը, պատահեցաւ ահաբեկչական նոր փորձ մը։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա» թերթը։
Արդարեւ, եկեղեցւոյ պաշտօնեաները Կիրակի առաւօտ նկատեցին, որ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տարօրինակ առարկայ մը գոյութիւն ունի, եւ դիմեցին ոստիկանութեան։ Ոստիկանութիւնը վրայ հասնելով՝ նկատեց, որ առարկան պայթուցիկով բեռնաւորուած է, սակայն բարեբախտաբար չէ պայթած։ Ոստիկանութիւնը անմիջապէս սկսած է հետապնդելու կասկածելի անձը կամ անձերը։
Յատկանշական է, որ դէպքը կը զուգադիպէր Անտրէա Սանթորոյի մահուան տարելիցին։ Անտրէա Սանթորօ սպաննուած էր նոյն այս եկեղեցւոյ մէջ աղօթելու ընթացքին։ Ոճրագործը 16ամեայ ազգայնամոլ մըն էր, որ օրին ձերբակալուեցաւ եւ Տրապիզոնի եղեռնադատ ատեանին կողմէ մօտաւորապէս 19 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։