Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան բողոք ներկայացուցած է ընդդէմ թրքական «Ենի Շաֆաք» պարբերականի սիւնակագիր Հայրէտտին Քարամանի: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է Կարօ Փայլան:
«Ենի Շաֆաք»-ի սիւնակագիր Քարաման իր գրութեամբ վիրաւորած էր քրիստոնեաները:
«Կեաւուրը բարեկամ չի դառնար, խոզի կաշիէն ալ սփռոց չի պատրաստուիր», գրած էր սիւնակագիրը:
Քարաման իր գրութեան մէջ նաեւ մէջբերումներ կատարած է Քուրանէն` մահմետական եւ ոչ մահմետական ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Կարօ Փայլան Քարամանի դէմ Թուրքիոյ դատախազութեան բողոք ներկայացուցած է` ժողովուրդին մէջ իրարու նկատմամբ ատելութիւն սերմանելու եւ քրիստոնեաները նուաստացնելու մեղադրանքներով: