Փայլան. «էրտողանին դեռ հաւատացող կա՞յ»

Թուրքիոյ ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան յիշեցուցած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարման տարիներուն Թուրքիոյ ունեցած տնտեսական կորուստներու մասին ու շեշտած, որ այդքանէն ետք Էրտողանի նախընտրական խոստումներուն դժուար է հաւատալ:

«16 տարի է` երկիրը կը ղեկավարէ (նկատի ունի նաեւ վարչապետի պաշտօնին ունեցած տարիները-tert.am), ընդհանուր գնաճը` 11 տոկոս, պետական վարկի տոկոսադրոյքը` 20 տոկոս, ընթացիկ ամավարկի պակասուրդը` 55 միլիառ տոլար: Եւ դեռ կ՛ըսէ` «5 տարի ալ ինծի տաք` դրութիւնը աւելի կը լաւանայ։  Դեռ հաւատացող կա՞յ», – գրած է Փայլան Twitter-ի իր պաշտօնական էջին մէջ:

Նախապէս ան նախազգուշացուցած է թրքական իշխանութիւնները հնարաւոր տնտեսական ճգնաժամի մասին: Ըստ Փայլանի` եթէ իշխանութիւնները բան մը չձեռնարկեն, ապա Թուրքիոյ մէջ մօտ ապագային կրնայ կրկնուիլ 1994-ի եւ 2001-ի տնտեսական ճգնաժամը:

Ըստ հայազգի պատգամաւորին` անցեալ տարի երկրին մէջ արձանագրուած տնտեսական աճը միայն թուացեալ է եւ նման է մեքենայի, որ մեծ արագութեամբ կը սլանայ, սակայն իրականութեան մէջ փչացած է: