«Քեզ մեզմէ խլած ընկերդ, որուն «եղբայր» կոչած էիր, երջանիկ կ’ապրի, հոգի՛ս». Սեւակ Պալըքճիի մօր գրառումը

24 Ապրիլ 2011-ին թրքական բանակի մէջ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի մայրը՝ Անի Պալըքճին, Ֆէյսպուքի (Facebook) իր էջին վրայ գրառում կատարած է զաւակին մահուան 7-րդ տարելիցի կապակցութեամբ:

Անի Պալըքճին յիշեցուցած է, որ իր որդին սպանած զինակից թուրք ընկերը տակաւին ազատ է, իր պատիժը տակաւին չէ կրած:

«Քեզ մեզմէ խլած ընկերդ, որու դուն «եղբայր» կոչած էիր, երջանիկ կ’ապրի հիմա, հոգի՛ս: Թող ապրի, անոր կեանքի վրայ աչք չունինք: Եթէ անոր խիղճը հանգիստ է՝ խնդիր չկայ: Մենք նախ մարդ ենք, յետոյ՝ հայ: Մենք այնպիսի մարդիկ ենք, որ մրջիւնին անգամ չենք ճզմեր, կ’ըսենք՝ մրջիւնը լաւ նշան է, իսկ մոծակի դէմ դեղամիջոց չենք օգտագործեր, մեզմէ հեռացնելու միջոցներ կը կիրառենք: Որքան ալ մեր անցուցած ծանր օրերը ամէն անգամ վատ ֆիլմի պէս անցնին աչքիս առջեւէն, որքան ալ գերեզմանիդ այդ հողի կոյտին նայելով ամէն անգամ ըսեմ, թէ ինչ գործ ունիս այստեղ, գիտեմ, որ միշտ մեզի հետ ես», – գրած է Անի Պալըքճին:

Յիշեցնենք, որ Պալըքճի սպաննուած էր 24 Ապրիլ 2011-ին, երբ իր  հետ ծառայութեան մէջ  եղող  Քվանչ Աղաօղլու կրակ  բացած ու սպանած էր զինք: Կարճ ժամանակ բանտարկուած Աղաօղլու՝ դատարանին  որոշումով ազատ արձակուած էր՝  հիմք ունենալով  այն վարկածը, թէ Պալըքճին սպաննուած է ոչ թէ միտումնաւոր  կերպով, այլ՝  արկածի հետեւանքով: