«Օզտեմիրի անունը պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ թուրքիոյ հպարտութիւն, իսկ քուկդ` իբրեւ ամօթ». Կարօ Փայլանի պատասխանը Անգարայի քաղաքապետին

Թուրքիոյ Քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, Twwitter-ի իր էջին, կոշտ պատասխան ուղղած է Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչէքին, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման հարցով կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած Կանաչներու կուսակցութեան թուրք խորհրդարանական Ճեմ Օզտեմիրը անուանած էր «հայ»` ուզելով վիրաւորել զինք:

պատասխանելով Անգարայի քաղաքապետին՝ Փայլանը ըսած է. «Օզտեմիրի անունը պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ Թուրքիոյ հպարտութիւն, իսկ քուկդ` իբրեւ ամօթ»:

Ճեմ Օզտեմիրը Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութենէն է, որ Պունտեսթակի մէջ նախաձեռնած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին քուէարկութիւնը: