2016-ի Ֆոնէթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 16-էն 20

Ֆրանսայի Հայաստան Հիմնադրամի 2016-ի Ֆոնէթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 16-էն 20: Այս տարուան «կնքահայր»-ն ու «կնքամայր»-ն են հեռատեսիլի ծանօթ հաղորդավար Նիքոս Ալիակաս եւ գրող Վալերի Թորանեան: Ուրբաթ` 14 Հոկտեմբեր, ժամը 18.30-ին Լիոնի «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ երեկոյթով մեկնարկեց Ֆոնէթոնի արշաւը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի, Երկիր եւ Մշակոյթ Կազմակերպութեան, Նոր Սերունդի, ՀԲԸՄ-ի եւ Հայաստան Հիմնադրամի հայաստանեան եւ արցախեան առաքելութիւնները: