Դամասկոսի մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ յիշատակուեցաւ ՀՀ անկախութեան 100-ամեակը

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան, կազմակերպութեամբ ՀՀ Սուրիոյ դեսպանատան եւ ՀՀ անկախութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման Դամասկոսի Մարմինին, Երկուշաբթի, 14 Մայիս 2018-ին, Դամասկոսի «Ասատ» մշակոյթի եւ արուեստի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը։

Օրուան հանդիսավար Մարիա Գույումճեան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը 1918-ին, հակառակ յետ-եղեռնեան իր ծանր վիճակին, արեւելեան Հայաստանէն ներս տիրող սովին ու համաճարակներուն, մէկ բռունցք դարձաւ ու պատերազմելով թրքական հրոսակներուն դէմ յաղթանակ կերտեց։ Ապա հանդիսատեսները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգելու մայիսեան հերոսներուն յիշատակը։

Այնուհետեւ Սուրիոյ երաժշտական բարձրագոյն ուսումնարանի սենեկային երգչախումբը Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարեց հանդիսութեան։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան փրոֆ. Արշակ Փոլատեան, որ անդրադարձաւ թուրանական շարժումին, որուն իրականացման համար օսմանեան Թուրքիան փորձեց վերացնել հայութեան արեւելեան հատուածը, այնպէս ինչպէս ցեղասպանութեան ենթարկեց արեւմտեան Հայաստանի բնակչութիւնը։ Հայ ժողովուրդը, սակայն, պայքարեցաւ յանուն իր հայրենիքի կերտումին, եւ պատմական Հայաստանի մէկ շերտին վրայ յաջողեցաւ ստեղծել Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւն։

Փրոֆ.Փոլատեան, անդրադառնալով Սուրիոյ ներկայ տագնապին, դիտել տուաւ, որ այնպէս ինչպէս Սուրիոյ ժողովուրդը թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդին, նոյնպէս ալ Հայաստանն ու հայութիւնը զօրավիգ կը կանգնին Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին, որոնք Հայաստանի անկախութենէն 100 տարի վերջ կը դիմագրաւեն նոյն դժուարութիւնները, դէմ կը դնեն այս անգամ Սուրիոյ ու անոր ժողովուրդին ուղղուած թրքական նոյնանման յարձակումներու, ահաբեկչութեան՝ աւելցնելով որ Հայաստան պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ միջազգային հարթակներու վրայ եւս։

Ապա ցուցադրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան պատմութիւնն ու անոր նախորդող պատմական դէպքերը, ինչպէս նաեւ անկախութեան յաջորդող քաղաքական զարգացումները ներկայացնող վաւերագրական տեսանիւթ մը, բեմադրիչ Պասել ալ Խաթիպի հեղինակութեամբ։ Ֆիլմի պատրաստութեան իրենց ներդրումը բերած էին նաեւ ՀՀ դեսպանն ու սուրիահայ հաղորդավար Եռատօ Գրիգորեանը։

Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մուհամմէտ ալ Ահմատ խօսք առնելով շեշտեց, որ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները պիտի մնան փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան գեղեցիկ օրինակ մը, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին, զոյգ ժողովուրդները ունեցած են պատմական եւ մշակութային սերտ կապեր, դիմագրաւած են նոյնանման թշնամիներ՝ բարձրօրէն գնահատելով բարեկամ Հայաստանի կեցուածքը Սուրիոյ դէմ մղուած համաշխարհային այս պատերազմի տարիներուն, վեր առնելով սուրիահայ համայնքին կառուցողական ներկայութիւնը եւ Սուրիոյ զանազան բնագաւառներու զարգացման մէջ ունեցած անոր դրական ներգործութիւնը։

Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սաուսան յայտնեց, որ թուրանական շարժումը 100 տարի առաջ խորտակուեցաւ հայ ժողովուրդին աննկուն կամքին ու պայքարին շնորհիւ, այսօր, Սուրիոյ մէջ եւս պիտի խորտակուի։ Սուրիոյ քաջարի բանակն ու ժողովուրդը անկոտրում կամքով դէմ կը դնեն ու պիտի շարունակեն դնել օսմանեան միեւնոյն ատելավառ քաղաքականութեան եւ պատուաբեր յաղթանակ պիտի արձանագրեն։ Եզրափակելով Սաուսան ըսաւ, որ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները, կիսելով նոյն ցաւերը, դէմ դնելով նոյն ջարդարարներուն, նոր խորքով եւ որակով օժտեցին զոյգ ժողովուրդներուն պատմական յարաբերութիւնները։

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Հայաստան-Սուրիա Բարեկամութեան Միութեան նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան զուգահեռներ գծեց հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու պայքարի ուղիներուն միջեւ՝ դիտել տալով, որ 20-րդ դարու առաջին կիսուն՝ 1918-ին, զոյգ ժողովուրդները պայքարելով ձերբազատուեցան Օսմանեան Կայսրութեան բռնատիրութենէն եւ անկախութիւն կերտեցին. նոյն տարիներուն անոնք կազմեցին իրեն անկախ, պետական առաջին մարմինը՝ կառավարութիւնը։ Այնուհետեւ երկու ժողովուրդներն ալ ընտրեցին պայքարի ուղին։

Դամասկոսի Հայ Առաքելական Համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Արմաշ Սրբ. Եպս. Նալպանտեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը, ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն, փիւնիկի նման յառնեցաւ ու կերտեց իր հայրենիքը, իսկ սուրիահայերը նպաստեցին սուրիական հայրենիքի վերելքին եւ հաւատարմօրէն մասնակցեցան Սուրիա ներխուժած տարաբնոյթ թշնամիներու դէմ պայքարին. անոնք պետական բարձր պաշտօններու արժանացան, վստահելի քաղաքացիներ դարձան ու այսօր եւս կը շարունակեն պատուաբեր կեցուածք ունենալ՝ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ պայքարին նեցուկ կանգնելով։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ երաժշտական բարձրագոյն ուսումնարանի սենեկային երգչախումբը՝ գեղ. ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ֆէտի Ճըպէյլիի, մեկնաբանելով հայկական ժողովրդական «Ապարան» երգը, Կոմիտասի «Հաբրբան» եւ «Անձրեւն Եկաւ» երգերը եւ «Սարդարապատ»ի յաղթերգը։

Երգչախումբը, բարձրօրակ իր ելոյթով, արժանացաւ հանդիսատեսներուն ջերմ ծափողջոյններուն։

Հուսկ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Նեպիլ Թաամէ խօսք առնելով շեշտեց, որ հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն ցաւն ու թուրանական բարբարոսութիւններուն դէմ պայքարը միացուց զիրենք ու ամրապնդեց անոնց անքակտելի կապը։

Աւարտին, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Մեղրի» պարախումբը, Ազատ Սեֆէրեանի գեդարուեստական ղեկավարութեամբ, հանդէս եկաւ հայկական ժողովրդական պարերով՝ խանդավառելով տօնակատարութեան մթնոլորտը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մուհամմէտ ալ Ահմատ, կազմակերպութիւններու հարցերով պետական նախարար դոկտ. Սալուա Ապտալլա, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Դամասկոսի մէջ ծառայող դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, համայնքապետներ, մշակութային, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ։

Աւելցնենք, որ ձեռնարկի մուտքին, հրաւիրեալներուն բաշխուեցան հանդիսութեան յայտագիրն ու Հայաստանի պատմութիւնը ամփոփող գրքոյկներ։