Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան երկրի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու զոհերու ժառանգորդներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»:
Կարօ Փայլան համապատասխան օրինագիծը ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարան: Օրինագիծի բնագիրին մէջ հայ երեսփոխանը քանի մը անգամ կրկնած է ցեղասպանութիւն եզրը:
Օրինագիծին մէջ ան նաեւ կոչ ուղղած է` բացառելու հասարակական վայրերը ոճրագործներու անուններով կոչելը, եւ շեշտած, որ աշխարհի մէջ բազմաթիւ երկիրներ թէեւ մեծ դժուարութեամբ, սակայն ի վերջոյ քաջութիւն ունեցած են առերեսուելու իրենց անցեալին` օրինակ բերելով Արժանթինը, որ երկար տարիներ հերքելէ ետք ի վերջոյ ընդունեց նախապէս գործած իր յանցանքները:
Փայլան նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Փորթուգալը, Սպանիան ու շարք մը այլ երկիրներ քաղաքացիութեան իրաւունք շնորհած են ժամանակին այդ երկիրներէն արտաքսուած հրեաներուն եւ կոչ ուղղած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետեւելու այդ օրինակին: