Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը այցելած է Վան ստուգելու այն պնդումները, թէ Վանի մէջ գտնուող պատմական «Տիլքայա Հէոյուք»-ի եւ հայկական գերեզմանոցին մէջ լուացարան կը կառուցի:
Պոլսահայ «Ակօս» թերթի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այդ տարածքը շրջափակուած եղած է փշալարերով: Փայլանը զրուցած է տարածքի բնակիչներուն հետ, որմէ յետոյ նշած է. «Ուր ձեռքս տարի` մարդու ոսկոր դուրս եկաւ: Այլեւս որեւէ կասկած չունիմ, որ այս տարածքը հայկական գերեզմանոց եղած է»:
«Ակօս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ հայ պատգամաւորը նշած է, որ այդ տարածքը Ուրարտական ժամանակներէն մնացած բնակավայր եղած է. «Այդ ժամանակներէն ի վեր հայերը այնտեղ բնակութիւն հաստատած են: Որուն հետ խօսեցայ, բոլորը կը պատմէին եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մասին, սակայն դժբախտաբար այդ յիշողութիւնը ջնջուած է»:
Փայլանը ընդգծած է, որ տեղացիները ըսած են, թէ այս հայկական գերեզմանոցի գերեզմանաքարերը 1940-50-ական թուականներուն ոչնչացուած են: «Այս գերեզմանոցի տարածքին կառուցուած է մահմետական մատուռ, լուացարան եւ սրճարան: Տխրեցայ, որ մեր նախնիներու մնացորդներուն անգամ չկրցանք տէր կանգնիլ»:
Վանի էտրեմիթի (հայկական Արտամէտ) շրջանի Տիլքայա թաղամասին մէջ ծնած ու մեծցած է Արշիլ Գորկին, անոր տան կողքը կառուցուած եւ ժամանակի ընթացքին ոչնչացուած աղբիւրը 2015-ին վերականգնուած է եւ Էտրեմիթի քաղաքապետարանին կողմէ այդ մասին վկայող ցուցանակ դրուած է, բայց ըստ Փայլանի, այդ աղբիւրի եւ հայ համայնքի մասին պատմող ցուցանակը հանուած է, աղբիւրին ջուրն ալ կտրած են: Ըստ Փայլանի, հայկական կեանքի վերաբերեալ բոլոր փաստաթուղթերը ոչնչացուած են: