Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ուքրանիոյ հայերու միութեան հեղինակած հոլովակը կը մասնակցի Կաննի փառատօնին

Ուքրանիոյ հայերու միութեան «Շնորհակալութիւն կրկին ծաղկելու հնարաւորութեան համար, հայեր» խորագիրը կրող հոլովակը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ընտրուած է Կաննի 71-րդ փառատօնին մասնակցելու համար:

Շարժանկարի փառատօնին ընթացքին՝ հոլովակը պիտի ցուցադրուի ոչ մրցութային CANNES SHORT FILM CORNER ծրագիրի ծիրէն ներս: Անիկա ցուցադրութեան պիտի դրուի շարժանկարի շուկայի ուքրանական տաղաւարին մէջ:

Ուքրանիոյ հայերու միութեան մամուլի ծառայութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ հոլովակը արդէն իսկ մասնակցած է միջազգային փառատօններու: Մասնաւորապէս, հոլովակը պատուաւոր երրորդ հորիզոնականը գրաւած է Molodiya Festival հասարակական գովազդի փառատօնին: Անիմացիայի բեմադրիչներն են Անդրանիկ Պէրպէրեանը եւ անոր գործընկեր Անտրէյ Լիտակովսքին: