Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գրառում ըրած ընդդիմադիր գործիչը պատասխանած է Էրտողանի քննադատութիւններուն

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար Ջանան Քաֆթանջըօղլուն պատասխանած է թուիթըրեան իր գրառումներուն վերաբերեալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած քննադատութիւններուն:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ վկայակոչելով թրքական «Superhaber.tv» լրատուական կայքը` Քաֆթանջըօղլուն յայտարարած է, որ պետութեան դէմ գրած խիստ ընդդիմադիր բնոյթի գրառումներուն հեղինակը ինքը չէ` ընդունելով, որ ինք միայն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրառումը կատարած է:

«Իմ գրառմանի մէջ գրած միակ բանը Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրուան քայլերթի վերաբերեալ ուղերձը եղած է: Տեղեկացուցած եմ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած քայլերթը սկսած է ու ցեղասպանութեան վերաբերեալ դարձեալ քանի մը բան գրած եմ: Ատկէ բացի մնացած բոլոր գրառումները ես չեմ գրած»,- պարզաբանած է  Քաֆթանջըօղլուն:

Յիշեցնենք, որ Քաֆթանջըօղլուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրառումը կատարած էր 2012-ի Ապրիլ 24-ին: Ան «Twiter»-ի մէջ գրած էր. «Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան օրն է: Մենք այսօր Թաքսիմի մէջ կ՛ոգեկոչենք կոտորուած մեր հայ քաղաքացիներուն յիշատակը»: Ցեղասպանութեան մասին գրառումը նախապէս Քաֆթանջօղլուի թուիթերեան հաշիւէն կատարուած հակաիշխանական գրառումները թրքական մամուլի ուշադրութեան արժանացած են, երբ  վերջինս օրեր առաջ ընտրուեցաւ ԺՀԿ Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար:

Յունուար 16-ին թեմային անդրադարձած էր նախագահ Էրտողան` խիստ քննադատելով Քաֆթանջըօղլուն: Նախագահը Քաֆթանջըօղլուի` «Twiter»-ի մէջ կատարած գրառումներէն առանձնացուցած է  յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրածը:

«Որո՞ւն ձեռքերուն մէջ մնացած է Կազի Մուստաֆա Քեմալի կուսակցութիւնը» հռետորական հարցը ուղղելով` Էրտողան շարունակած է. «Ան (Քաֆթանջըօղլուն-խմբ.), Հայոց ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը կիրառելով, կը նսեմացնէ մեր ազգն ու պատմութիւնը: Պետութեան ալ հերթական մարդասպան կ՛անուանէ: Ահաբեկչութեան ժամանակ մահացածներու մեղքն ալ պետութեան վրայ կը դնէ»:

էրտողան անդրադարձած է նաեւ Կեզի զբօսայգիի ցոյցերու ժամանակ Քաֆթանջըօղլուի` ցուցարարներուն աջակցող գրառման` զայն սադրանք անուանելով:

Ըստ էրտողանի` Քաֆթանջըօղլուի` ԺՀԿ Պոսլոյ նահանգային կառոյցի նախագահ ընտրուիլը իսկական «աղէտ» է: