«Հրանդը մի՛ մոռնաք». Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած հաւաք

Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» հայկական թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկը:

Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի Օսմանպէյ պողոտային վրայ գտնուող «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան դիմաց, ուր ուղիղ 10 տարի առաջ սպաննուեցաւ Տինք, հաւաքուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներէ. հայեր, թուրքեր, քիւրտեր, ասորիներ եւ Թուրքիոյ մէջ բնակող բազմաթիւ այլ էթնիկ ու կրօնական խումբերու ներկայացուցիչներ:

Ներկաները բարձրացուցած են «Յանուն Հրանդի արդարութեան»,  «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք»,  «Այստեղ ենք, ախպարիկ», «Կը կարօտնանք, ախպարիկ», «Հրանդը մի՛ մոռնաք» գրութիւններով պաստառներ:

Ձեռնարկին  ներկայ եղած են Պոլսոյ մէջ գործող հայկական երիտասարդական, մշակութային բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները, «Հրանդի ընկերները նախաձեռնութեան» անդամները, խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ Կարօ Փայլան ու Սելինա Տողան եւ Տինքի ընտանիքի անդամները:

Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած է 2007-ի Յունուար 19-ին` Իսթանպուլի Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն:

Աւարտին յիշենք, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը կ՛երկարի արդէն 10 տարիէ եւ դեռ չէ գտած իր հանգուցալուծումը: