Ոչ եւս է Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը

Սրտի մեծ կսկիծով տեղեկացանք թէ՝ Չորեքշաբթի 27 Սեպտեմբեր 2017-ին, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ, իր հոգին աւանդեց առ Հայր Զմմառեան միաբանութեան անդամ, մեծ հայագէտ, ծիսագէտ, հրապարակախօս, լրագրող եւ նուիրեալ հոգեւորական՝ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը:

Ան ծնած է 1929թ. Յունուարի 20-ին, Լիբանանի մէջ: Սկզբնական ուսումը ստացած է Յիսուսեան Հայրերու Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի մէջ, ապա փոքրիկ հասակին յաճախած է Զմմառու դպրեվանքը, որմէ ետք փոխադրուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան հայկական վարժարան ուր աւարտած է փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական մասնագիտութիւնը՝ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան համալսարանին մէջ:

Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1954-ին՝ դառնալով անդամ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան: 1973էն սկսեալ խմբագրած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-ից՝ Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան Հայագիտական հանդէսը»:

Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը Պէյրութի հայագիտական ամպիոններու մէջ ու յատկապէս, Հայկազեան Համալսարանին մէջ դասաւանդած է Գրաբար, Հայ մատենագրութիւն, Հայ երաժշտութեան պատմութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ Քասլիքի Մարոնի Անտոնեան Հայրերու Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսագիտութիւն, 1988-2011թթ.:

 

Հրապարակած է բազմաթիւ գիրգեր եւ ուսումնասիրութիւններ որոնց շարքին.

«Գրաբար: Ինքնուսոյց» գիրքը, 1967:

«Գործնական բառարան հայերէն լեզուի», 1970 :

«Հայերէնի գործնական բառարան» հատընտիր Բ. հատոր, 1982:

«Գրաբար: Քերականութիւն եւ հրահանգ, ոճաբանութիւն», հատընտիր Բ. հատոր, 1984:

«Բառգիրք Հայերէն Լեզուի», 1998:

«Քերականութիւն հայկական լեզուի», 1998:

«Յուշե՛ր եւ Փուշեր», 1994-2014:

«Երիտասարդ հայ», 1968-1973:

«Անապահով օրեր» եւ «Արեւելեան ծէսերու գոհարը» հատորները, 1999:

«Լուսարձակդ բա՛ց վրաս», Մարդեղութեան 2000 – ամեակին խորագրեալ հոգեւոր խորհրդածութիւններու գիրքը, 2000:

«Խոկամ», 2010

«Հայ Ծիսական Պաշտամունքը», 2001թ.,

Հայ Եկեղեցու պատմութեան վերաբերեալ «Խօսէ՛ ինծի Հայ Եկեղեցու մասին» գիրքը, 2011,

«Սերմանեմ», 2013,

«Ողբամ եւ ծիծաղիմ», 2013,

«Խորհիմ : Խոհեր, մտորումներ», 2013,

«Գրեմ թէ չգրեմ», 2014:

 

 

 

Հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան հեղինակ է նաեւ վեց թատերախաղերու՝ «Միայն լուսնով կայ հայոց փրկութիւն», Թատերախաղ 3 արար, 1997թ, Պէյրութ, «Պէտք չունինք քեզի…» Վիեննա, 1988թ., «Մարզպանը» Թատերախաղ 5 արար, Պէյրութ, 2015թ.:

Գերյարգելի Վարդապետը սրբակենցաղ, նուիրեալ, հայրենասէր հոգեւորական մըն էր, որուն աշխատասիրութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայագիտութեան, հայ գրականութեան, բարոյագիտութեան, հայ եկեղեցագիտութեան եւ հայ լրագրութեան մէջ։ Անոր գրիչը որքան էլ սուր էր, ազնիւ եւ, աննահանջ, նոյնքան էլ՝ զուսպ, լակոնիկ, շրջահայեաց եւ լի հոգեւոր, բարոյական ապրումով, լայնախոհութեամբ եւ հենուած՝ աղօթքի կեանքի վրայ:

Հայր Անդրանիկը բացի մտաւորական իր աշխատասիրութիւններէն մեծ նուիրումով աշխատած է  երիտասարդներու հետ՝ անոնց մէջ սերմանելով հայրենասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան ոգին: Ան եղած է հիմնադիրը Հայ Կաթողիկէ Պատանեկան միութեան։

«Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Սարգիս Նաճարեանը իր ուսուցչի՝ Հայր Անդրանիկի մասին գրած է. «Մարդ մը, որուն կեանքը իրեն չէ պատկանած, այլ` եկեղեցւոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն անունը բազմապատկուած է միաժամանակ ուսուցիչ, դաստիարակ, իմաստասէր, աստուածաբան, դասախօս, լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, վերլուծաբան, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր` վարդապետ ստորոգելիներով: Մարդ մը, որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է, վարքագծի նշանաբան, պայքարի հզօրագոյն զէնք, որովհետեւ ան ճշմարտութեան մէջ տեսած է Աստուած»:

 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։