Պոլսոյ մէջ սկիզբ առին Տինքի գործով դատական նիստերը

Դարձեալ Հրանդի ընկերները արդարութիւն պահանջեցին

Պոլսոյ մէջ ծանր յանցագործութիւնները քննող 14-րդ դատարանին մէջ, Հոկտեմբեր 2-ին, սկսան պոլսահայ մտաւորական, լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստերը: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս» թերթը:

Տինքի սպանութեան գործին ներգրաւուած է 83 կասկածեալ, ներառեալ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ: Ինչպէս միւս դատական նիստերէն առաջ, այնպէս ալ Հոկտեմբեր 2-ին՝ Հրանդի ընկերները հաւաքուած էին դատարանի շէնքին դիմաց` վերահաստատելու արդարութեան իրենց պահանջը: Հրանդի ընկերներուն անունով յայտարարութիւն ըրած է Պիւլենթ Այտընը, որ յիշեցուցած է, որ 2007 Յուլիսէն սկսեալ դատավարութիւնը կը շարունակուի  10 տարի եւ երեք ամիս ըլլալով, սակայն սպանութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր անձերը դեռ չեն կանգնած արդարութեան դիմաց: «Դեռ շատ հեռու ենք արդարութենէն: 10 տարի եւ 3 ամիս անցաւ, սակայն յանցագործութեան վրայի վարագոյրը դեռ չէ քաշուած: Պիտի շարունակենք հետեւիլ դատական գործին, քանի դեռ Տինքի սպանութիւնը չէ բացայայտուած»,- նշած է ան:

Հրանդի ընկերներուն միացած են նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլանը եւ քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլուն: