Պոլսոյ նահանգապետարանը դարձեալ կը միջամտէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին

Պոլսոյ նահանգապետարանը դարձեալ կը միջամտէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին. այս անգամ նահանգապետարանը գոհ չէ ընտրութիւններու կազմակերպչական հոլովոյթը գործադրող խումբի անդամներէն: Այս մասին կը գրէ «Ակօս»:

Ըստ համայնքին մէջ տարածուած լուրերուն, պատկան մարմինները նշած են, որ առարկութիւն ունին նախաձեռնող խումբի որոշ անդամներուն առնչութեամբ եւ որ այդ անդամներուն մասնակցութեամբ ընտրութիւն չի կրնար կազմակերպուիլ:

Նահանգապետարանին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ որոշ սրբագրութիւններ կատարելու համար նախաձեռնող խումբի անդամները նոր ժողով պիտի գումարեն: