Ամերիկահայ գիտնականը կ՛ուզէ Հայաստանի մէջ Nanotechnology-ի կեդրոն հիմնել

Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Երեւան կը գտնուէր ճարտարագիտութեան դոկտոր, ինքնաշխատ համակարգերու կառավարման բնագաւառի գիտնական, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Քալիֆորնիոյ ԱՐՓԱ հիմնարկի նախագահ, Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի դասախօս Յակոբ Փանոսեանը:

Հայ գիտնականի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ արդէն տասներորդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ «Նորարարութիւն» ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որու նպատակը երիտասարդ հայ գիւտարարները խրախուսելն ու կիրառական գիտութեան առաջընթացի ապահովումն է, որ իր հերթին պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման:

Սեպտեմբեր 22-ին տեղի ունեցած է 2017 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը, որուն մասնակցած է 11 երիտասարդ գիւտարար: «Ankakh.com»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Յակոբ Փանոսեան կը ներկայացնէ ոչ միայն այս ծրագիրը, այլեւ Հայաստանի հետ կապուած իր միւս ծրագիրները, որոնք հիմնականօրէն ուղղուած են գիտութեան զարգացման եւ ատոր կիրառման հնարաւորութիւններուն:

«Նորարարութիւն» ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի, սակայն զրուցակիցս ցաւով կը նշէ, որ մրցոյթի մասնակիցները տարիէ տարի կը պակսին, ինչ որ կը վկայէ Հայաստանի մէջ գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազման եւ գիտութեան յետընթացի մասին:

Թէ ինչու մրցանակաբաշխութեան նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն չկայ, Փանոսեան տարբեր պատճառներ կը նշէ. ուսանողներու մեծ մասը, այնուամենայնիւ, չի բռներ գիտութեան ուղին, պետական կառոյցներն ալ անտարբեր են ոլորտի նկատմամբ. «Հայաստանի իշխանութիւնները առտուընէ իրիկուն կը յայտարարեն, թէ նորարարութեան զարգացման ծրագիրներ կ՛իրականացնեն, բայց մենք արդէն տասներորդ տարին է` նորարարութեան մրցոյթ կը կազմակերպենք, եւ իշխանութիւններուն կողմէ` ոչ մէկ հետաքրքրութիւն: Հրաւէր կ՛ուղարկենք նախարարութիւններուն, որ ներկայ ըլլան: Եկող չկայ»,- կ՛ըսէ գիտնականը:  Սակայն պետական համակարգի անտարբերութիւնը չի խոչընդոտեր Հայաստանի մէջ նորանոր ծրագիրներու իրականացման:

Հայաստանի հետ կապուած ծրագիրներ Փանոսեան սկսած է իրագործել դեռ 80-ականներուն, երբ 1983-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնէ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը, 1988-ին կը նախաձեռնէ Հայ գիտնականներու եւ ճարտարագէտներու համաշխարհային առաջին գիտաժողովը Լոս Անճելըսի մէջ, 1992-ին խումբ մը հայ գիտնականներու աջակցութեամբ կը հիմնէ ԱՐՓԱ (ARPA- Analysis Research and Planning for Armenia) բարեգործական կազմակերպութիւնը, նոյն տարին Հայաստանի մէջ կը կազմակերպէ ուժանիւթի որորտի մասնագէտներու առաջին համաժողովը եւ այլն:

Այս տարի լրացաւ ԱՐՓԱ-ի գործունէութեան 25-ամեակը: ԱՐՓԱ-ն շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որու նպատակն է նպաստել հայ գիտական ներուժի զարգացման ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի մէջ, խթանել Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համագործակցութիւնը կրթական, տնտեսական, քաղաքական, առողջապահական եւ արհեստագիտական ոլորտներու մէջ: Տարիներէ ի վեր կազմակերպութիւնը կ՛ուսումնասիրէ ՀՀ գիտատեխնիկական տարբեր բնագաւառներ ու համապատասխան ծրագիրներ կը մշակէ:

«Լոս Անճելըսի մէջ կը կազմակերպենք հեռավար ուսուցման սեմինարներ, որոնց միջոցով կը ծաւալենք մասնագիտական բանավէճեր հայութեան եւ Հայաստանի կարեւոր հարցերու շուրջ: Ունինք ամենամսեայ հեռավար դասախօսութիւններ: ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէ մասնագէտները գիտութեան եւ մասնաւորապէս ճարտարագիտութեան նորարարութիւններու մասին իրենց գիտելիքներն ու գիտութեան բնագաւառի վերջին տեղեկութիւնները հեռավար դասախօսութիւններու միջոցով կը փոխանցեն Հայաստանի տարբեր համալսարաններու ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին»,- կը թուարկէ Փանոսեան:

Յառաջիկայ մեծ ծրագիրներէն մէկն ալ կապուած է Nanotechnology-ի  ( Նանոտեխնոլոգիան կիրառական գիտութիւններ եւ արհեստագիտութիւններ միաւորող լայն ոլորտ է, որու հիմնական նպատակը աթոմական եւ մոլեքուլային մակարդակի վրայ նիւթի վերահսկուող ձեւափոխումն է եւ վտանգաւոր չափերու հասնող, մօտ 100 նանոմեթրէն աւելի փոքր սարքերու կառուցումը եւ նոր յատկութիւններով նիւթերու եւ ծածկոյթներու ստացումը) զարգացման հետ:

ԱՐՓԱ-ն կը պատրաստուի Հայաստանի մէջ հիմնել նանոտեխնոլոգիաներու կեդրոն եւ այդ նպատակով նախորդ շաբաթ Երեւանի մէջ կազմակերպած է հանդիպում Հայաստանի մէջ նանոտեխնոլոգիաներով զբաղող ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ, քննարկած ոլորտի իրավիճակն ու խնդիրները:

«Մօտ 10 կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպեցանք, որոշեցինք համագործակցիլ, որպէսզի կարենանք ծրագիրներ կազմել»: Փանոսեան մեր հարզացրոյցի նոյն օրը կը մասնակցէր համաժողովի մը, որ նուիրուած էր Իրանի հետ համագործակցութեան: Կը պարզուի` Իրանի մէջ նանոտեխնոլոգիաներու ոլորտը մեծ արագութեամբ կը զարգանայ, այնտեղ կը գործէ շուրջ 166 ընկերութիւն:

Արտառոցը այն է, որ հայկական շարք մը ընկերութիւններ իրենց կարիքներուն համար կը փորձեն համագործակցիլ իրանական նանոտեխնոլոգիական ընկերութիւններու հետ, մինչդեռ նոյն ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալող մեր գիտնականներուն հետ որեւէ համագործակցութիւն չկայ:

«Ես հիմա քով- քովի բերի ընկերութեան պատասխանատուն եւ մեր գիտնականը, ըսի` դուք ինչո՞ւ իրարու հետ չէք խօսիր, ըսին` մենք իրարմէ անտեղեակ ենք: Մեր մասնագէտները շատ բարձր մակարդակի են, բայց, ցաւօք, գործակցութիւն չկայ: Սա նաեւ մտածելակերպի խնդիր է: Իսկ մեր աշխատանքը նաեւ նման հարթակներ ստեղծելն է»:

Միւս կարեւոր ծրագիրը, որ սկսած են նախորդ տարի, միտուած է գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան խթանման դպրոցական շրջանակներու մէջ: Զրուցակցիս խօսքով` ամերիկեան դպրոցներու մէջ տեղի կ՛ունենան գիտական ցուցահանդէս, որուն աշակերտները իրենց նորարարական ծրագիրները կը ներկայացնեն` սորվելով խնդիրները գիտական ձեւով լուծել: Ատիկա նաեւ կը նպաստէ, որ աշակերտներու մէջ դեռ դպրոցական տարիքէն գիտութեան նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն յառաջանայ:

Փանոսեան կ՛ուզէ, որ նման ծրագիրներ նաեւ մեր մօտ իրականանան, եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ որոշակի քայլեր կատարած են: Անցեալ տարի շուրջ 80 դպրոցներու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու համար գիտնականը դասընթաց կազմակերպած է` ներկայացնելով ծրագիրը, ատոր կարեւորութիւնն ու Հայաստանի մէջ իրականացնելու հնարաւորութիւնները: Այս տարուան Հոկտեմբերին 40 դպրոց պիտի մասնակցի նման ցուցահանդէսի: Ծրագրի հեղինակը յոյս ունի, որ անիկա Հայաստանի մէջ կայանայ, եւ մեր աշակերտները հնարաւորութիւն ունենան մասնակցելու նաեւ այդ ոլորտի մէջ դպրոցականներու համար իրականացուող ամերիկեան International science and engineering sphere ցուցահանդէսին, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու աշակերտներ` պայքարելով լաւագոյն մրցանակի` 75 հազար տոլարի համար:

Կարեւորելով գիտութեան դերը երկրի տնտեսութեան զարգացման գործին` գիտնականը ցաւով կը նկատէ, որ գիտութիւնը Հայաստանի մէջ աւելի շատ բացասական ուղղութիւն ունի, քան դրական: «Նամանաւանդ համալսարաններու մէջ կը նկատենք մակարդակի անկում»,- կ՛ըսէ ան:

Գիտնականը տնտեսութեան զարգացման կարեւոր գործօն կը համարէ նաեւ գործարարութեան համար բարենպաստ միջավայրի ապահովումը, օրինակ` գործի աջակցման գրասենեակներու ստեղծումը, որոնք կ’աջակցին նոր գործարարութեան համար մատչելի վարկերու տրամադրման, խորհրդատուութեան, համագործակցութեան հարթակներու մատուցման եւ այլ միջոցներով:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-սփիւռք հերթական համաժողովին, ապա ատոր գործնական արդիւնքներուն մասին Փանոսեանի տեսակէտը հետեւեալն է. «Գործնական արդիւնք կ՛ըլլայ, եթէ կառավարութեան մարդիկ, որոնք այնտեղ ներկայ են, իսկապէս հետաքրքրուին ըսուած մտքերով եւ ատոնք իրագործելու ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկեն: Բայց եթէ ըսուածը միայն խօսք մնայ, գործի չվերածուի` կը դառնայ անիմաստ բան մը»:

Յամենայնդէպս, Փանոսեան այս համաժողովէն շատ աւելի մեծ ակնկալիքներ ունի, քան նախորդներէն: «Այս անգամ շատ աւելի լուրջ է տնտեսական կացութիւնը, եւ ամէն մարդ լուծումներու փնտռտուքի մէջ է, յուսանք` այս անգամ խօսքէն գործի կ’անցնին»,- կ՛ըսէ ամերիկահայ գիտնականը: