Ամերիկահայ գրող, համաշխարհային գրականութեան կարկառուն ներկայացուցիչ Ուիլիեըմ Սարոյեանի կենսագրութիւնը, ստեղծագործական կեանքը, ճանապարհորդութիւններու, յուշերու մասին պատմող նիւթերը, նկարները թուայնացուած տարբերակով պիտի ներկայացուին անոր տուն-թանգարանին մէջ, որու երկար սպասուած բացումը կը նախատեսուի Օգոստոս 31-ին` գրողի յոբելեանական 110-ամեակին:
Այս առնչութեամբ «Արմենփրես»-ի թղթակիցը զրուցուած է «Սարոյեան Հաուս» նախագիծի օգնական Անժելա Աւագեանի հետ:
«Այժմ տուն-թանգարանի շինարարական աշխատանքներ չեն տարուիր, քանի որ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին հետ, եւ այդ գործընթացը դեռ կը շարունակուի: Հաւանաբար, Փետրուարի վերջին կամ Մարտի սկիզբը թոյլտւութիւն ստանանք, եւ բարեկարգման փուլը վերսկսինք»,-նշած է Աւագեան եւ աւելցուցած, որ կարեւորագոյն նիւթերու հաւաքման աշխատանքները դեռ կը շարունակուին:
Ան ընդգծած է, որ թանգարանը ստեղծելով կը ձգտին հնարաւոր չափով հետաքրքրական ու բազմաբովանդակ տեղեկութիւններ, յօդուածներ հաւաքել Սարոյեանի մասին: Թանգարանը պիտի ըլլայ նորգործող եւ նորարարական լուծումներով հարուստ, թանգարանի ֆոլոգրամը այցելուներուն պիտի պատմէ Սարոյեանի կեանքին, անոր ստեղծագործութիւններուն մասին: Ցուցանմուշներուն մեծ մասը` նկարներ, Սարոյեանի ճանապարհորդութիւններու վերաբերեալ յօդուածներ, նօթեր, պիտի ներկայացուին թուայնացուած տարբերակով:
Աւագեանի խօսքով` թանգարանի բացումով կը հետաքրքրուին ոչ միայն հայերը, այլեւ օտարերկրացիները` առաջարկելով իրենց աջակցութիւնը:
«Ռենեսանս» մշակութային եւ զարգացման հիմնադրամը 2016 թուականի Դեկտեմբերին ձեռք բերած է Ուիլիեըմ Սարոյեանի տունը, որ հանուած էր աճուրդի: Այդ իրադարձութենէն ետք «Ռենեսանս»-ի հիմնադիր Արթուր Ջանիբեկեանը հիմնած է «Սարոյեան Հաուս» նախագիծը` ցանկալով գրողին տունը վերածել թանգարանի: Նախագիծը մշակելու համար յայտարարուած էր մրցոյթ, որուն յաղթած էր «Ստորակէտ» ճարտարապետական արուեստանոցը` առաջարկելով ոչ աւանդական, նորագոյն արհեստագիտական լուծումներով յագեցած նախագիծ: Սարոյեանն ու Սարոյեանի հերոսները, անոնց պատմութիւնները 3D տիպարներով պիտի տեղաւորուին 114 մ2 տարածքի մը մէջ, ուր ժամանակին Սարոյեանը ապրած եւ ստեղծագործած է: