ԱՄՆ Ծերակոյտը Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելը արգիլող բանաձեւ ընդունած է

ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ, որմով կ’արգիլուի ԱՄՆ-ուն ռազմական օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին։ Օրինագիծը նախագահին կ’արգիլէ յառաջիկայ երկու տարին հրաժարելու Ազատութեան աջակցութեան գործի 907-րդ յօդուածէն, որ ԱՄՆ կառավարութեան արգիլած է Ատրպէյճանի կառավարութեան ուղիղ օժանդակութիւն ցուցաբերել։

Ամերիկացի ծերակուտական Կարի Փիթըրսը օրինագիծը ներկայացուցած էր 2023 թուականի Սեպտեմբեր 29-ին՝ ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներուն։

«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հասկցուցած է, որ կրնայ եւ պիտի օգտագործէ իր ռազմական միջոցները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ բռնի յարձակումներ իրականացնելու համար»,- ըսած էր ծերակուտական Փիթըրսը:

«Միացեալ Նահանգները չի կրնար մեղսակից ըլլալ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ատրպէյճանական բռնութիւններուն. մենք պէտք է ընդունինք այս օրէնսդրութիւնը՝ արգելափակելու ամերիկեան լրացուցիչ օգնութիւնը Ատրպէյճանին, քանի դեռ վերջինս չի դադրեցներ իր յարձակումը տարածաշրջանին մէջ»,- նշած էր ծերակուտականը։