Ատամ Շիֆ.  «ԱՄՆ-ու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման պէտք է յաջորդեն իրական հետեւանքներ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կոնգրեսի անդամ Ատամ Շիֆ կարծիք յայտնած է, որ ԱՄՆ-ու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն և դատապարտումէն ետք պէտք է ըլլան իրական հետեւանքներ, քանի որ միայն խիստ յայտարարութիւններ ընելու ժամանակը վաղուց անցած է։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած՝ «Արդարութիւն յանուն ցեղասպանութեան» միջոցառման ընթացքին։

«Մինչ մենք կ’ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը՝ երբեք չկրկնուելու խոստումներով, ժողովրդավար եւ խաղաղ հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման է իր ամենամութ օրերը յիշեցնող սպառնալիքներուն: Վարչակազմի կողմէ միայն խիստ յայտարարութիւններով հանդէս գալու ժամանակը վաղուց անցած է։ Դատապարտման պէտք է յաջորդեն իրական հետեւանքներ»,- ընդգծած է Կոնգրեսականը՝ համոզմունք յայտնելով, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները պէտք չէ անտեսուի եւ կարելի չէ անպատասխան մնալ։