Մեր անցեալ շաբթուայ համարով տուած էինք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Արեւմտեան Թեմի օրհնաբեր այցելութեան առաջին մասը, իսկ այս թիւով կ’ամբողջացնենք Վեհափառ Հայրապետի Արեւմտեան Թեմի շրջապտոյտի գլխաւոր եղելութիւնները:
Այցելութիւն Մէքսիքոյի Թեմին
Հոկտեմբեր 30-31-ին Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Մէքսիքօ, որ 2014-ին Հայրապետական յատուկ կոնդակով միացուած էր Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին: Առաջին օրը հայ եկեղեցական եւ աշխարհական պատուիրակութիւնը հիւրասիրուեցաւ Մէքսիքօ քաղաքի քաղաքապետին կողմէ, ապա, անոնք այցելեցին Our Lady of Gouadeloupe սրբավայրը ու Մեթրոփոլիթան տաճարին մէջ բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնակցութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, կատարեցին էկումենիք հոգեհանգստեան արարողութիւն, վերջերս Մէքսիքոյի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերու հոգիներուն ի հանգիստ: Հայրապետը իր օրհնութիւնները բաշխեց Մէքսիքոյի հայութեան:
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստ
Նոյեմբեր 1-3 Գարեգին Բ. Նախագահեց Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական նիստին, որ գումարուեցաւ Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեաց Մայր Տաճարի դահլիճին մէջ, տարբեր երկիրներէ ժամանած շուրջ 30 հոգեւորական ու աշխարհական անդամներու մասնակցութեամբ եւ Յովնան ու Խաժակ արքեպիկոպոսներու ատենապետութեամբ: Քննարկուած երկու գլխաւոր նիւթերն էին, առաջին՝ Կանոնագրութեան վերանայումն ու աւելի նպաստաւոր իրագործումներու պարագան, եւ երկրորդ՝ 2018-ը տարին, որ կը զուգադիպի Արեւմտեան Թեմի 90-ամեակին, հռչակել «Երիտասարդութեան Տարի»: Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց բարձր մակարդակով գործադրուած բոլոր միջոցառումներուն համար եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց Թեմի ժողովուրդին, ամերիկահայութեան ու բոլոր անձնուէր ծառայողներուն:
Քաղուած Մայր Աթոռի հաղորդագրութենէն