ԸՆԿ. ՎԱՐԴԱՆ ՆԱԶԻՐԵԱՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍԲ. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Հայաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ ընկեր Վարդան Նազիրեան այցելեց Սբ. Էջմիածին: Նորին Սրբութիւնը ողջունելով իր այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ նախ շնորհաւորեց իր «Երախտագիտութեան» մետալով պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, ապա անդրադառձաւ սփիւռքահայ իրականութենէն ներս գոյութիւն ունեցող ազգային հարցերուն:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Հայաստանակեդրոն ՌԱԿ-ի կողմէ գործադրուած բոլոր ճիգերը, որոնք կը միտին Հայաստանի տարածքին ստեղծելու ռամկավար ազատական երիտասարդական շարժումներ: