Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2017-ը պիտի դրոշմուի որպէս անմոռանալի օր մը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխարհաձրիւ՝ մեծ ընտանիքին համար։ Արդարեւ այդ օր՝ նախաձեռնութեամբ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղին, պանծալի կերպով տօնախմբուեցաւ բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի անունը կրող մշակութային այդ միութեան պանծալի եօթանասուն ամեակը։
Վերոյիշեալ խիստ վայելուչ այդ հանդիսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ նախագահութեամբ ազգային բարերարներ Տէր եւ Տիկին Նազար եւ Արտեմիս Նազարեաններու, տեղի ունեցաւ Փարամըս քաղաքի համբաւաւոր Terrace at Biago’s հանդիսասրահի շքեղազարդ պարասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ։
Տպաւորիչ էր ընկերային պահը, որ տեղի ունեցաւ քովընտի սրահին մէջ։ Անձայն աճուրդին (silent auction) առընթեր՝ հետաքրքրական էր տեսնել հին բարեկամներ եւ միութենականներ, համախմբուած աղանդերներով ճոխացուած սեղաններու շուրջ։ Անոնք կը փոխանակէին անցեալի յուշերը եւ կը նկարուէին՝ ի յիշատակ անմոռացութեան։
Պաշտօնական տօնակատարութիւնը սկսաւ հանդիսավար Ճէրի Միսքի ողջոյնի խօսքով։ Հուսկ ապա կոչնականները յոտնկայս ունկնդրեցին Ամերիկեան եւ Հայկական պետական քայլերգները, կատարողութեամբ Ճէնի Սարեանի։ Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մոսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Օշական Վարդապետ Կիւլկիւլեան, որ շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանէն։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի Մասնաճիւղի Վարչութեան Ատենապետուհի Հիլտա Յարութիւնեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ կոչ ըրաւ ոգեկոչելու անցեալը եւ դիմաւորելու ապագան, որ կրնայ ըլլալ միայն պայծառ՝ մեր յարատեւ եւ միասնակամ ջանքերով։ Ան ապա ջերմօրէն ողջունեց ներկայութիւնը, ամերիկահայ զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն։
Կոչնականներուն մէջ ակներեւ էին Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի դեսպան վսեմաշուք Զոհրաբ Մնացականյանն ու իր ազնուափայլ տիկինը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանն ու իր ազնուափայլ տիկինը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան
անդամներ տէր եւ Տիկին Սարգիս ՃեպեՃեանն ու Տէր եւ Տիկին Նազարէթ Ֆըսթըքճեանը, ի միջի այլոց։
Քաջալերական էր տեսնել մեծ թիւով ներկայացուցիչներ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոնտոնի, Լիոնի, Գահիրէի, Պէյրութի, Մոնթրիալի, Պուէնոս Այրէսի, Պոսթոնի, Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մասնաճիւղերէն։ Անոնք՝ նոյն օրուան ցերեկին խորհրդակցական կարեւոր հանդիպում մը ունեցած էին, որ արգասաւորուեցաւ կազմութեամբը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Համաշխարհային Խորհուրդին։
Վերադառնալով ճաշկերոյթ-պարահանդէսին, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ եւ Լիբանանեան Խորհրդարանի նախկին անդամ Յակոբ Գասարճեանը։ Ան նախ անդրադարձաւ 70 տարեկան Միութեան առաքելութեան՝ որն է պահպանումն ու տարածումը հայ մշակոյթին, կրթութեան, գիրին, գրականութեան եւ արուեստին։
Յարգելի բանախօսը ապա յարգանքով յիշեց տեսլական ունեցող հիմնադիրներուն անունները՝ որոնց տարիներու ընթացքին միացած էին շատ մը մեծանուն մտաւորականներ եւ գրողներ, որոնք հաւատալով Թէքէեան Մշակութային Միութեան գաղափարախօսութեան՝ յատուկ փայլք մը տուած էին մեր Միութեան նկարագրին։
Պարոն Գասարճեան դիտել տուաւ նաեւ որ տօնելով մեր մեծ Միութեան 70 ամեակը՝ մենք ոչ թէ միայն գնահատած կ՛ըլլանք մեր հարուստ անցեալը, այլեւ մենք մեզ պարտաւորութեան առջեւ կը գտնենք նոր տեսլական մը մշակելու եւ մեր գործունէութիւնը վերածրագրելով՝ նոր շունչ եւ ոգեւորութիւն հաղերդելու գալիք սերունդներուն։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ԹՄ Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Երուանդ Ազատեանը։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ յետ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ստեղծուած ընկերային այն դառն իրավիճակին վրայ՝ որ ծնունդ տուաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմութեան։
Յարգելի բանախօսը դիտել տուաւ որ խումբ մը տեսիլք ունեցող առաջնորդներ պարտադրուած զգացին դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ հիմնելու, որպէսզի կարենային անհրաժեշտ ուսում հայթայթել որբացած երեխաներուն եւ խարխափած երիտասարդներուն մտահորիզոնները լայնցնել՝ մշակոյթի ճամբով։
Ան նաեւ ալելցուց որ Թ.Մ. Միութեան առաքելութիւնը կը կայանար մի քանի կիզակէտներու վրայ, ազգապահպանում՝ սփիւռքի տարածքին եւ սէր՝ հանդէպ Մայր Հայրենիքին։ Մեր հիմնադիր անդամները քաջ գիտէին որ առանց Հայրենիքի՝ սփիւռքը չէր կրնար գոյատեւել եւ ենթակայ պիտի ըլլար ոչնչացման, ուշ թէ կանուխ։
Պրն. Ազատեան եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով որ Թէքէեանի գաղափարախօսական տունն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։ Ան ապա շնորհաւորեց Մեծագոյն Նիւ Եորքի Մասնաճիւղը, 70-ամեակի տօնակատարութեանց աննախընթաց այս յաջողութեան համար եւ մաղթեց որ 75-ամեակի
տօնակատարութիւնները դարձեալ կատարուին Նիւ Եորքի մէջ՝ սակայն այս անգամ Թէքէեանի նոր տան մէջ։
Տիկին Նորա Ազատեան ապրումով ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Հայու Հոգին» բանաստեղծութիւնը, խլելով բոլորի անվերապահ ծափահարութիւնները։ Հուսկ ապա կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները պատուոյ գիր մը յանձնեցին օրուան բարերարներ Տէր եւ Տիկին Նազարեաններուն, որոնք այդ առթիւ հատեցին նաեւ 70-ամեակի կարկանդակը։ Բարերարներուն կողմէ շնորհակալական խօսքով արտայայտուեցաւ իրենց դուստրը՝ Սեդան։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Վարիչ Քարտուղար Արամ Արքուն հրապարակաւ յայտարարեց որ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենադպիր Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան կտակած էր 340,000 տօլար, որուն հասոյթը պիտի գործածուի կրթաթոշակներու եւ հրատարակչական գործերու:
Տեսաերիզով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան փոխ-նախարար Արտակ Զաքարեանը, որ շրջանաւարտ եղած է Երեւանի Թէքէեանի անուան դպրոցէն։ Ան ի սրտէ շնորհաւորեց ԹՄ Միութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր, ապագայի իրենց ազգօգուտ ծրագիրներուն համար։
Այս առթիւ յատուկ կերպով պատրաստուած տեսաերիզով մը վերահասու դարձանք Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան պատմութեան եւ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղի մշակութային գործունէութեան, գէթ՝ վերջին տասնամեակին իրագործուած։
Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան՝ իր փակման խօսքին մէջ, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կրթանուէր, մշակութասէր ու հայրենասէր բեղուն գործունէութեան համար։ Ան դիտել տուաւ որ պէտք է յիշենք անցեալը, տօնախմբենք ներկան եւ ծրագրենք ապագան։ Ապա Սրբազան հայրը նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին։
Հանդիսութեան պաշտօնական յայտագրի աւարտին, բեմը յանձնուեցաւ Մոնթրէալէն յատուկ կերպով ժամանած երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր խումբին, որ իր երգերով խանդավառէ կոչնականները։ Հայկական եւ օտար մեղեդիներու մթնոլորտը խթան հանդիսացաւ որ կոչնականները երկար պարեն պարահարթակին վրայ։
Մեզի կը մնայ ի սրտէ շնորհաւորել մասնաճիւղի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամները, որոնք ջանք չէին խնայած յաջողութեամբ պսակելու 70-ամեակի այս բացառիկ ձեռնարկը։ Անոնց անձնուէր եւ միասնական աշխատանքը անգնահատելի է եւ շատ կարեւոր՝ գոյատեւման մեր յարատեւ պայքարին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ